Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետութիւնը Կ’ուզէ Պատկառելի Ունեցուածք Բռնագանձել Գագիկ Ծառուկեանէն

Պետութիւնը Կ’ուզէ Պատկառելի Ունեցուածք Բռնագանձել Գագիկ Ծառուկեանէն

by MassisPost

79 անշարժ գոյք, 42 փոխադրամիջոց, 213 միլիոն տոլար, բաժնեմասեր մօտ 40 ընկերութիւններու մէջ. պատկառելի այս ունեցուածքը պետութիւնը կ’ուզէ բռնագանձել Հայաստանի ամենահարուստ մարդոցմէ՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանէն։

Երեք տարի տեւած ուսումնասիրութենէ յետոյ Գլխաւոր Դատախազութիւնը դատարան դիմած է՝ եզրակացնելով, որ այս կարողութիւնը Ծառուկեանն ու ընտանիքի 11 անդամները ապօրինի կուտակած են։

«Գլխաւոր Դատախազութիւնը դատարանին խնդրել է Գագիկ Ծառուկեանից եւ նրան փոխկապակցուած անձանցից բռնագանձել թուով 42 փոխադրամիջոց, 8 փոխադրամիջոցի ձեռքբերման արժէք՝ մօտ 348 միլիոն դրամ, զիջուած պահանջի իրաւունքի գումար՝ շուրջ 33 միլիոն դրամ, թիւով 79 անշարժ գոյք եւ 10 անշարժ գոյքի շուկայական արժէք», Հանրային հետ զրոյցին ըսած է դատախազ Համլէթ Յարութիւնեանը:

Դատախազը պարզաբանած է, որ ապօրինի գնահատած են Ծառուկեանի՝ Աբովեան տանող ճանապարհի շքեղ առանձնատունը, «Մուլթի Կրուփ» առեւտրա-արդիւնաբերական ձեռնարկութեան, «Կենտրոն» հեռուստաընկերութեան, «Եւրոմոթորս»-ի, «Արարատ ցեմենտ»ի, Երեւանի Արարատ քոնեակի, գինիի, օղիի գործարանի բաժնետոմսերը։

Ի պատասխան, փաստաբաններու խումբը հակադարձած է՝ Ծառուկեանը իր կարողութիւնը կուտակած է արդար քրտինքով։

«Պաշտպանական խումբը հաւաստիացնում է, որ Գագիկ Ծառուկեանի գոյքերի ծագումն օրինական է, դրանց վերաբերեալ առկայ են ծանրակշիռ ապացոյցներ, որոնք հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներում կը ներկայացուեն դատարան եւ Գլխաւոր Դատախազութիւն», յայտնած են փաստաբանները՝ դեռեւս չբանալով փակագիծերը, թէ ինչ հակափաստարկներ ու ապացոյցներ ունին եւ ինչու զանոնք չեն հրապարակեր։ Անոնք չուզեցին մանրամասնութիւններ ներկայացնել «Ազատութեան»՝ խոստանալով այդ ընել յառաջիկային։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment