Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատուեցան

Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատուեցան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան միջեւ ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, արձանագրութիւնը ստորագրուած է Ապու Տապիի մէջ՝ ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլա Ալ-Անքարի կողմէ:

«Երկու երկրները հաստատել են դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ առաջնորդուելով երկկողմ յարաբերութիւններն ամրապնդելու եւ համագործակցութեան շրջանակն ընդլայնելու, միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովմանն աջակցելու ձգտումով։

«Դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման մասին փաստաթուղթն արձանագրում է երկու երկրների ցանկութիւնը՝ «ամրապնդելու արդիւնաւէտ համագործակցութեան կապերը քաղաքական, տնտեսական, արհեստագիտական, զարգացման, առեւտրի եւ մշակոյթի ոլորտներում՝ տարբեր բնագաւառներում ջերմ յարաբերութիւնների հաստատման երկուստեք ձգտումներն իրականացնելու նպատակով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախօրէին այս մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մօտալուտ հաստատումը համարելով էական զարգացում։

Սէուտական Արաբիան կը հրաժարէր Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով: Ռիատ յայտարարած էր՝ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չի հաստատեր, քանի դեռ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնուած։

Քարիւղով հարուստ թագաւորութեան քաղաքականութիւնը Երեւանի նկատմամբ փոխուեցաւ, երբ քանի մը տարի առաջ վատթարացան Ռիատի յարաբերութիւնները Անգարայի եւ անոր սերտ դաշնակից Պաքուի հետ։

Քաղաքականութեան փոփոխութեան նախանշաններէն էր 2021 թուականի Հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի այցը Ռիատ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment