Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Դեռ Պարզ Չէ՝ Ատրպէյճանը Կը Վերահաստատէ՞ Երեք Սկզբունքներու Շուրջ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել Հայաստանի Հետ»․ Փաշինեան

«Դեռ Պարզ Չէ՝ Ատրպէյճանը Կը Վերահաստատէ՞ Երեք Սկզբունքներու Շուրջ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել Հայաստանի Հետ»․ Փաշինեան

by MassisPost

Դեռ պարզ չէ՝ Ատրպէյճանը, ի վերջոյ, կը վերահաստատէ՞ երեք սկզբունքներու շուրջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ, ուղիղ եթերով, պատասխանելով խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ քաղաքացիներէն մէկուն հարցումին, յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչապետը յիշեցուց՝ այդ սկզբունքները համաձայնեցուած են բանակցութիւններու ընթացքին եւ այդ համաձայնեցումը արտայայտուած է Մայիս 14-ին եւ Յուլիս 15-ին եռակողմ հանդիպումներու արդիւնքներով։

Փաշինեան նաեւ սկզբունքները յիշեցուց՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանաչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմանազատման գործընթացի քաղաքական հենքը Ալմաթիի հռչակագիրն է, տարածաշրջանային կապուղիները պէտք է բացուին երկիրներու իրաւազօրութիւնը, ինքնիշխանութիւնը յարգելով՝ փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ։

«Հիմա, չենք կարող վստահաբար պնդել, որ Ատրպէյճանը հրաժարւում է այդ երեք սկզբունքների հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, բայց նաեւ չենք կարող վստահ ասել, որ Ատրպէյճանը վերահաստատում է իր հաւատարմութիւնն այդ երեք սկզբունքներին։ Անհրաժեշտութիւն կայ բանակցութիւնների ընթացքում այս հարցերը եւ նրբութիւնները պարզաբանել», ըսաւ Փաշինեան։

Գործադիրի ղեկավարը եւս հաստատեց, որ Նոյեմբեր 30-ին քարտէզներու եւ սահմաններու մասով նախատեսուած է սահմանագծման յանձնաժողովներու հանդիպում։

Փաշինեան ըսաւ, որ այդ քննարկումներէն Երեւանը հետեւութիւններ պիտի ընէ՝ արդեօ՞ք Ատրպէյճանը պատրաստ է այդ սկզբունքներու հիման վրայ երթալ խաղաղութեան, թէ՞ Ատրպէյճանը կը հրաժարի այդ սկզբունքներէն։

«Մինչեւ այսօր մենք այդ վստահութիւնը չունենք», ընդգծեց վարչապետը։

Հայաստանի ամենամեծ խնդիրներէն մէկը շրջափակումն է, որ կը շարունակուի արդէն 30 տարիէ, նաեւ յայտնեց վարչապետը՝ յոյս յայտնելով, որ խաղաղութեամբ եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ով պիտի յաղթահարեն զայն։

«Մենք ի՞նչ կը կարծենք, Մեղրիով պէ՞տք է անցնի երկաթուղի, որը կը կապի արեւելքը-արեւմուտքին, այդ թւում՝ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին, Թուրքիային, այդ թւում՝ Մեղրին Երասխին եւ Հայաստանի մնացած մասին, այդ թւում՝ Հայաստանը միջազգային երկաթուղային ցանցին, այո՛, միանշանակ, եւ դա 100 տոկոս համապատասխանում է մեր երկրի շահերին», ըսաւ Փաշինեան։

Ընդգծելով, որ կապուղիները պէտք է բացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան իրաւազօրութեան ներքոյ՝ հաւասարութեան եւ փոխադարձությեան սկզբունքներով՝ գործադիրի ղեկավարը նշեց, որ Ատրպէյճանը կրնայ օգտուիլ մեր երկաթուղիէն Նախիջանի կապի համար, այն նոյն սկզբունքով, որ Հայաստանը կրնայ օգտուիլ, օրինակ, Մեղրիի եւ Երասխի երկաթուղային կապի համար։

Փաշինեան նշեց, որ կ’ուզեն բանալ նաեւ արեւելքը արեւմուտքին միացնող ճանապարհները։

Վճարումներու դիմաց Ռուսաստանի կողմէ սպառազինութիւն եւ սարքաւորում չմատակարարելու խնդիրը կայ, քաղաքացիներէն մէկուն հարցումին, թէ ինչո՞ւ չեն իրականացներ «Գոյք պարտքի դիմաց» համաձայնագրի ձեւաչափը՝ հակառակ ուղղութեամբ, իսկ մնացածին համար չեն դիմեր Միջազգային Տնտեսական Դատարան, տեղեկացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով նաեւ, որ քննարկումներ կ’ընթանան որոշելու, թէ ինչ մեխանիզմով այդ խնդիրը լուծել։

«Կարող է լինել վճարուած գումարների չափով, օրինակ, Ռուսաստանին Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած պարտքից նուազեցումը, որը տարբերակներից մէկն է՝ միակ տարբերակը չէ, բայց էստեղ էլ Ռուսաստանը սպառազինութիւնների կարիք ունի, եւ մենք տրամադրուած ենք աշխատանքային, եւ այդ քննարկումները, յոյս ունեմ, կը բերեն յստակ արդիւնքներ, ըսաւ վարչապետը։

2001 թուականին, երբ Ռոււսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պաշտօնական այցով առաջին անգամ ժամանեց Հայաստան, Փութինն ու այդ ժամանակ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը քննարկեցին Ռուսաստանին Հայաստանի ունեցած 114 միլիոն տոլարի պարտքը մարելու խնդիրը: Մասնաւորապէս, պարտքի դիմաց Ռուսաստանին առաջարկուեցան հայաստանեան շարք մը ձեռնարկութիւններ, եւ մէկ տարի անց Հայաստանը 100 միլիոն տոլարի պարտքի դիմաց Ռուսաստանին փոխանցեց հինգ մեծ ձեռնարկութիւն:

«Ձեր ասած պողպատէ մուրճը չի գործում», ըսաւ քաղաքացիներից մէկը՝ հետաքրքրուելով վարչապետէն, թէ երբ քրէական գործերով անցնող Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը, ԱԺ նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը պատասխանատուութիւն պիտի կրեն։

Փաշինեան պատասխանեց՝ յեղափոխութենէն յետոյ կար հնարաւորութիւն հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդով երթալ եւ իրականացնել ժողովուրդին պատկերացուցած արդարադատութիւնը։

«Դա գուցէ կը լինէր սրտի հովանք, բայց կարծում եմ, որ այդ պարագայում մենք այսօր շատ աւելի մեծ խնդիրներ կ’ունենայինք եւ երկրում պետական հիմնարկների ջախջախուած փաստի առաջ կը կանգնէինք», ըսաւ վարչապետը՝ շեշտելով, որ արդարութիւնը պէտք է ըլլայ հաստատութենական։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment