Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւանը ՄԻԵԴ-ի Մէջ Պիտի Բարձրացնէ Նաեւ ԼՂ Հայերու Սեփականութեան Իրաւունքի Վերականգնման Հարցը

Երեւանը ՄԻԵԴ-ի Մէջ Պիտի Բարձրացնէ Նաեւ ԼՂ Հայերու Սեփականութեան Իրաւունքի Վերականգնման Հարցը

by MassisPost

Հայաստանը կը պատրաստուի լրացնելու Ատրպէյճանի դէմ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան ներկայացուած միջպետական գանգատը՝ անոր մէջ ներառելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու սեփականութեան իրաւունքի վերականգնման հարցը, «Ազատութեան» յայտնած են Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչին գրասենեակէն:

ՀՀ ներկայացուցիչը Եւրոպական Դատարանէն պահանջած էր Ատրպէյճանին պարտաւորեցնել դադրեցնել զինուած ուժերու կողմէ բոլոր քաղաքացիական կառոյցներու, բնակավայրերու եւ բնակչութեան թիրախաւորումը։

Հայկական կողմը Սեպտեմբեր 22-ին յայտնեց, որ ՄԻԵԴ-ը այս գանգատը բաւարարած է՝ պարտաւորեցնելով Ատրպէյճանին «ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութեան իրականացումէն, որ կրնայ յանգեցնել պայմանագրի 2-րդ (կեանքի իրաւունք) եւ 3-րդ (խոշտանգման արգելք) յօդուածներով երաշխաւորուող իրաւունքներու խախտման»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment