Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Նախագահը Հանդիպած Է Փաշինեանի Հետ

Գերմանիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Նախագահը Հանդիպած Է Փաշինեանի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի մէջ, Գերմանիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան նախագահ Պրունօ Քահլի հետ քննարկած է
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ոլորտային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Ըստ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին՝ Փաշինեանն ու Քահլը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ, անդրադարձած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

Օրերս Հայաստանի մէջ էր Գերմանիոյ Տնտեսական Զարգացման Նախարարութեան պետական քարտուղարը։ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանն ու Նիլս Անենը համատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեցին, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը 84,6 միլիոն եւրօ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ որպէս դրամաշնորհներ ու վարկեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment