Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Շահագրգռուած Է, Որ Հայաստանը Շարունակէ Իր Մասնակցութիւնը, Յոյսով Ենք Որ Հայաստանը Չի Փոխեր Իր Արտաքին Քաղաքականութեան Կողմնորոշումը․ Փեսքով

ՀԱՊԿ Շահագրգռուած Է, Որ Հայաստանը Շարունակէ Իր Մասնակցութիւնը, Յոյսով Ենք Որ Հայաստանը Չի Փոխեր Իր Արտաքին Քաղաքականութեան Կողմնորոշումը․ Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանը կ’ափսոսսայ Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ գագաթաժողովին Հայաստանի բացակայութեան համար եւ յոյս ունի, որ Երեւանը չի փոխեր արտաքին կողմնորոշումը ու կը մնայ Մոսկուայի դաշնակիցը: Այդ մասին ըսած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

«Այս առնչութեամբ մենք կրնանք ափսոսանք յայտնել, ՀԱՊԿ-ը կը շարունակէ իր աշխատանքը», նշած է Փեսքով «Россия-1» հեռուստակայանի թղթակից Փաւել Զարուպինի հետ զրոյցին։

Փեսքովի խօսքով, գագաթաժողովի օրակարգին մէջ եղած է «այսպէս կոչուած հայկական գործօնը» եւ այդ հարցին շուրջ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է։

«Ի հարկէ, ՀԱՊԿ-ը շահագրգռուած է, որ Հայաստանը շարունակէ իր մասնակցութիւնը, յոյսով ենք, որ Հայաստանը չի փոխեր իր արտաքին քաղաքականութեան կողմնորոշումը, Հայաստանը կը մնայ մեր դաշնակիցը, մեր ռազմավարական գործընկերը ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ փոխգործակցութեան առումով: Մենք պիտի շարունակենք Հայաստանի հետ գործակցութիւնը», նշած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակը:

Մինքսի մէջ ՀԱՊԿ գագաթաժողովը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման պայմաններուն մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը աւելի վաղ ՀԱՊԿ-ը մեղադրած է 2021 թուականի Մայիսին եւ 2022 թուականի Սեպտեմբերին Պաքուի հետ բախումներու ժամանակ Երեւանին օգնութիւն չցուցաբերելու մէջ։

«ԹԱՍՍ» լրատուական գորխակալութեան փոխանցմամբ, Երեւանը ՀԱՊԿ-էն խնդրած է օրակարգէն հանել երկրին օգնութիւն ցոյց տալու հարցը, իսկ ինքը՝ Փաշինեանը, Պելառուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին տեղեկացուցած է, որ պիտի չմեկնի Մինսք։

Գագաթաժողովէն առաջ ՀԱՊԿ միջոցառումներուն չեն ներկայացած նաեւ Հայաստանի ԱԳՆ եւ ՊՆ ղեկավարներն ու ԱԽ քարտուղարը:

Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեանն ալ տեղեկացուցած է, որ պիտի չմասնակցի Դեկտեմբերին կայանալիք ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի նիստին։

Աւելի վաղ Հայաստանը ետ կանչած է ՀԱՊԿ-ի մէջ իր դեսպանը եւ նոր ներկայացուցիչ չէ նշանակած:

Միաժամանակ պաշտօնական Երեւանը կը նշէ, որ ՀԱՊԿ-էն եւ ԵԱՏՄ-էն հեռանալու խնդիր օրակարգին վրայ չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment