Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը Մինսքի Գագաթաժողովէն Յետոյ Պիտի Այցելէ Երեւան

ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը Մինսքի Գագաթաժողովէն Յետոյ Պիտի Այցելէ Երեւան

by MassisPost

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովը Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն յետոյ պիտի այցելէ Երեւան եւ հայկական կողմին պիտի յանձնէ ստորագրուած փաստաթուղթերը։  ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի մեկնարկէն առաջ այս մասին յայտնած է Պելառուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Ալեյնիքը։

«Մենք պայմանաւորուեցինք, որ գագաթաժողովէն յետոյ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը պիտի այցելէ Երեւան, եւ համաձայնեցման յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ վերջնական լրամշակում անցած բոլոր որոշումները պիտի փոխանցենք մեր հայաստանցի գործընկերներուն եւ յոյս պիտի ունենանք, որ անոնք պիտի միանան անոնց», ըսած է Պելառուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը։

Ալեյնիք նշած է, որ ՀԱՊԿ-ի խնդիրն է պահպանել բոլոր անդամ երկիրներուն համերաշխութիւնը։

«Այսօր ամենակարեւորը կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն համերաշխութիւնն ու միասնութիւնը պահպանելն է։ Մենք, ըստ էութեան, այդ ցոյց տուինք արտաքին գործերու նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու համատեղ նիստին ժամանակ», ըսած է ան լրագրողներուն։

Ալեյնիք յաւելած է, որ ՀԱՊԿ անդամ երկիրները յաջողած են համաձայնութեան գալ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի քննարկման ներկայացուելիք գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment