Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոյվօ Քլաար. «Գնդակը Հիմա Ատրպէյճանի Դաշտն Է»

Թոյվօ Քլաար. «Գնդակը Հիմա Ատրպէյճանի Դաշտն Է»

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ չեն հասկնար՝ ինչո՞ւ Ալիեւի վարչակազմը ժամանակ կը ձգէ հիմա, երբ կողմերը այդքան մօտ են վերջնական համաձայնութեան, «Ազատութեան» ըսաւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը կ’ընդգծէ՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանալին այժմ Պաքուի մէջ է, եւ առաջին հերթին Ատրպէյճանն է, որ պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորէ։

«Մենք արագ քայլեր կ’ակնկալենք հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, եւ այստեղ է, որ որոշ մարդիկ Պրիւքսէլի եւ ԵՄ անդամ երկիրներու մէջ մտահոգուած են, որ այդ այսքան կ’երկարի։ Մենք չենք հասկնար՝ ինչո՞ւ կարգաւորման գործընթացը աւելի արագ յառաջ չ’երթար», նշեց Քլաար՝ շարունակելով. «Փաստը, որ սահմանին բախումներ, կրակոցներ չկան, չի նշանակեր, որ ամէն ինչ լաւ է։ Անհրաժեշտ է, որ այս՝ բախումներու բացակայութեան վիճակէն քայլ կատարուի առաջ, այսինքն՝ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, հաղորդակցութեան ուղիները բացուին, սահմանը զատուի, զօրքերը ետ քաշուին, լուծուին մարդասիրական խնդիրները։ Ես կը կարծեմ, որ Պաքուի ձեռքն են հնարաւորութիւնները՝ ցոյց տալու, որ գործընթացը կրնայ արագ յառաջ երթալ»։

Անցած ամիսներուն Ատրպէյճանը երկու անգամ մերժեց Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ հանդիպելու առաջարկը․ մէկ պարագային Ալիեւը հրաժարեցաւ բանակցելէ Ֆրանսիայի մասնակցութեամբ, միւս պարագային ալ Պրիւքսէլ երթալու ժամանակ չգտաւ։ Ու չի գտներ մինչեւ հիմա՝ չնայած Եւրոմիութեան ջանքերուն ու յորդորներուն։ «Գնդակը հիմա Ատրպէյճանի դաշտն է», կ’ըսէ Թոյվօ Քլաար։

«Եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ մենք պատճառ չենք տեսներ՝ ինչո՞ւ այս գործընթացը այսքան կը ձգձգուի։ Պահը կայ, հնարաւորութիւնը կայ, ժամանակն է անկէ օգտուելու։ Մենք քաղաքական կամք կ’ուզենք տեսնել, նախ եւ առաջ՝ Ատրպէյճանէն, քանի որ այն ուժեղ կողմն է», յայտնեց Թոյվօ Քլաար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment