Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է «Հայերու Պաշտպանութեան Արձանագրութիւնը»

Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է «Հայերու Պաշտպանութեան Արձանագրութիւնը»

by MassisPost

Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսը յատուկ յայտարարութեամբ դատապարտած է ԱՄՆ Ծերակոյտի ընդունած «Հայերու պաշտպանութեան արձանագրութիւնը»։

Ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն գնահատմամբ, այդ փաստաթուղթը «լուրջ հարուած կը հասցնէ» Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններուն։

«Միլլի մեճլիսը վճռականօրէն կը մերժէ ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ Ատրպէյճանի դէմ ընդունուած արձանագրութիւնը եւ զայն կը համարէ լուրջ հարուած երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։ Սա լուրջ խոչընդոտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն համար», ըսուած է Ատրպէյճանի Օրէնսդիր Մարմինին կողմէ ընդունուած յայտարարութեան բնագրին մէջ։

Անոր մէջ ատրպէյճանցի օրէնսդիրները կարծիք յայտնած են, թէ ԱՄՆ Ծերակոյտի ընդունած արձանագրութիւնը «երկակի չափանիշերու եւ ընտրովի մօտեցման վառ օրինակ է» եւ յայտարարած, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ միջնորդի դեր ստանձնած Ուաշինկթընի այդ գործողութիւնները «յանգեցուցած են հեղինակութեան կորուստի»։

Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսը այդ փաստաթուղթին մէջ քննադատած է ընդհանուր առմամբ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը եւ պնդած, որ «ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին տարիներուն լիակատար ձախողած է»։

Նոյեմբեր 15-ին ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ, որով կ’առաջարկուի ԱՄՆ նախագահին երկու տարիով արգիլել 1992 թուականի «արտաքին գործառոյթներու, արտահանման ֆինանսաւորման եւ յարակից ծրագրերու յատկացումներու մասին» օրէնքի («Ազատութեան աջակցութեան արձանագրութեան») 907 ենթաբաժինը շրջանցելու իրաւունքէն՝ կապուած Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան հետ:

1992 թուականին ԱՄՆ օրէնսդիրներու ընդունած «Ազատութեան աջակցութեան արձանագրութեան» 907 ենթաբաժինը սահմանած է, որ Ուաշինկթընը չի կրնար Ատրպէյճանին օգնութիւն տրամադրել, սակայն հետագայ տարիներուն օրէնսդիրները լրամշակած են 907 ենթաբաժինը եւ նախագահներուն թոյլատրած են հակաահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment