Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այլեւս Որեւէ Խոչընդոտ Չկայ՝ Հայաստանի Հետ Ստորագրելու Խաղաղութեան Պայմանագիր. Ալիեւը՝ Տոքերթիին

Այլեւս Որեւէ Խոչընդոտ Չկայ՝ Հայաստանի Հետ Ստորագրելու Խաղաղութեան Պայմանագիր. Ալիեւը՝ Տոքերթիին

by MassisPost

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար այլեւս որեւէ խոչընդոտ չկայ, յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Նախօրէին Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւննը Հայաստանը հրաւիրած է հանդիպելու սահմանին՝ քննարկելու խաղաղութեան գործընթացը։

«Մեր երկիրը կ’աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին, Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ երկխօսութեան՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար», ըսած է Ալիեւ Բրիտանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան՝ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ հանդիպման ժամանակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment