ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանի խօսքով՝ այս պահին Հայաստանի սահմանին կուտակումներ չկան։
Այս մասին Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց ան։
«Վերջին շրջանում հռետորաբանութեան փոփոխութեան տեսանկիւնից պէտք է արձանագրել որոշակի դրական տեղաշարժեր», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հեռանկարին՝ Արշակեան նշեց, որ Ատրպէյճանի քայլերը բաւարար չեն եղած․ «Եթէ բաւարար լինէին, այդ փաստաթուղթը ստորագրուած կը լինէր։ Յոյս եմ յայտնում, որ յառաջիկայում այդ քայլերը բաւարար կը լինեն»։
Արշակեանի խօսքով՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն կայ, հաշուի առնելով նաեւ թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները։
Խօսելով երկու երկիրներու սահմանազատման ու սահմանագծման մասին՝ ան նշած է. «Խորհրդային միութեան ռազմական քարտէզի բնօրինակը մէկն է, եւ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ատրպէյճանը դրանց ծանօթանալու հնարաւորութիւն ունի»։
Վերջինս խորհուրդ տուաւ հետեւիլ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութիւններուն։

