Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Իրաւունքները Ապահովելու Համար ՄԱԿ-ը Պէտք Է Գործէ Արհեստավարժ Եւ Անաչառ. Լեմքինի Հիմնարկ

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Իրաւունքները Ապահովելու Համար ՄԱԿ-ը Պէտք Է Գործէ Արհեստավարժ Եւ Անաչառ. Լեմքինի Հիմնարկ

by MassisPost

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը հիասթափութիւն յայտնած է Հոկտեմբեր 1-ին ՄԱԿ-ի առաքելութեան Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցի արդիւնքներէն, որ տեղի ունեցած է այն բանէն յետոյ, երբ ԼՂ-ի ամբողջ հայ բնակչութիւնը արդէն փախած էր ատրպէյճանական կողմի վերջին ներխուժումէն յետոյ բռնի տեղահանման պատճառով։

«Մենք ՄԱԿ-ին կոչ կ’ընենք նախապատրաստելու համապատասխան առաքելութիւն դէպի Արցախի Հանրապետութիւն, որ պիտի ներառէ միջազգային խումբի անդամներ հակամարտութեան հանդէպ չէզոք երկիրներէ՝ այնտեղ ընթացիկ իրավիճակի մանրակրկիտ վերլուծութիւն իրականացնելու համար: Արցախի մէջ հայերուն իրաւունքները ապահովելու համար ՄԱԿ-ը պէտք է գործէ արհեստավարժ եւ անաչառ՝ պահպանելով հաւատարմութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ ներկայացուած արժէքներուն», կ’ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ։ Փաստաթուղթին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Լեմքինի հիմնարկը ՄԱԿ-ի առաքելութեան աշխատանքը կը համարէ անյաջող, քանի որ չէ կրցած ճշգրիտ ներկայացնել եւ գնահատել ԼՂ-ի մէջ տիրող իրավիճակը։

«Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ «Առաքելութիւնները յանուն առաքելութեան» եւ «Յայտարարութիւնը յանուն յայտարարութեան» համարժէք պատասխան չեն այնպիսի լուրջ եւ վտանգաւոր իրավիճակներուն, որքան այն, ինչ տեղի ունեցած է Հարաւային Կովկասի մէջ: Մենք կասկածի տակ կը դնենք այդ առաքելութեան բարեխղճութիւնն ու ազնուութիւնը: ՄԱԿ-ի առաքելութեան գործունէութեան եւ գնահատման անորոշ սկզբունքները, ուր կը բացակային որեւէ յստակ նպատակները, մեթոտաբանութիւնը կամ ցուցումները, լրջօրէն կը վտանգէ խաթարելու վստահութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը միասին կը տածէ ՄԱԿ-ի աշխատանքին նկատմամբ», յայտարարած են կառոյցէն:

Աւելի վաղ, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տյուժարիքը նշած էր, որ ԼՂ այցելութեան մէկ օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու, այդ շարքին՝ դպրոցներու, հիւանդանոցներու ոչնչացման նշաններ չէ յայտնաբերած, թէեւ բոլոր խանութները փակ եղած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment