Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայեն. «ԵՄ-ն ԱՄՆ-ի Հետ Միասին Պիտի Կազմակերպէ Համատեղ Հանդիպում Հայաստանին Աջակցելու Համար»

Ուրսուլա Վոն Տեր Լայեն. «ԵՄ-ն ԱՄՆ-ի Հետ Միասին Պիտի Կազմակերպէ Համատեղ Հանդիպում Հայաստանին Աջակցելու Համար»

by MassisPost

Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայեն նախօրէին Պորտոյի մէջ (Ֆրանսա) Եւրոպական համալսարանին մէջ ելոյթ ունեցած է երիտասարդական հաւաքին ընթացքին, որ կազմակերպած է «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը: Այդ քաղաքական կառոյցին պատուաւոր նախագահը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն է:

Ի շարս այլ հարցերու, Ուրսուլա վոն տեր Լայենը խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Սեպտեմբեր 19-20-ին Ատրպէյճանի կատարած յարձակման եւ անոր յաջորդած հայերու զանգուածային արտագաղթին մասին:

«Ես կ’ուզէի ձեզի հետ կիսուիլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ իմ համոզմունքներով: Կրանատայի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ ես կրցայ Հայաստանի վարչապետ [Նիկոլ] Փաշինեանին վերահաստատել իմ ամբողջ աջակցութիւնս Հայաստանին: Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանէն աւելի քան 100 հազար հայերու արտագաղթին: Ես կը վերահաստատեմ իմ բացարձակ աջակցութիւնս Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան` ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն համապատասխան», ըսաւ է Եւրոպական Յանձնաժողովի ղեկավարը:

Անոր փոխանցմամբ, Եւրոմիութեան անմիջական առաջնահերթութիւնն է օգնել Հայաստանին՝ ընդունիլ տեղահանուածները եւ աջակցիլ հայկական պետութեան այս փորձութեան մէջ։ Եւրոմիութիւնը պիտի կրկնապատկէ անյապաղ մարդասիրական օգնութիւնը եւ պիտի տրամադրէ ֆինանսական աջակցութիւն Հայաստանին։

Բացի անկէ, ըստ Ուրսուլա վոն տեր Լայենի, Եւրոմիութիւնը Միացեալ Նահանգներուն հետ միասին պիտի կազմակերպէ համատեղ հանդիպում Հայաստանին աջակցելու համար:

«Սա առաջին քայլն է՝ ամրապնդելու մեր երկկողմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, քանի որ Եւրոպան եւ Հայաստանը ունին երկար ու հարուստ ընդհանուր պատմութիւն, եւ եկած է ժամանակը նոր գլուխ բանալու այդ ընդհանուր պատմութեան մէջ», ըսած է Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment