Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հանրային Ձայն»-ը Չի Պատրաստուիր Պոյքոթելու Երեւանի Նորընտիր Աւագանիի Նիստը

«Հանրային Ձայն»-ը Չի Պատրաստուիր Պոյքոթելու Երեւանի Նորընտիր Աւագանիի Նիստը

by MassisPost

Ընդդիմութիւնը միասնական թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան չեկաւ, եւ եթէ բոլոր ուժերը վարուին ճիշդ այնպէս, ինչպէս արդէն յայտարարած են, Տիգրան Աինյեանի քաղաքապետ դառնալուն, ըստ էութեան, այլեւս ոչինչ կը խանգարէ։

Իր թունդ հայհոյանքներով յայտնի նախկին ոստիկան Վարդան Ղուկասեանը, որուն գլխաւորած ուժը ամենաքիչ՝ 7 մանտաթ պիտի ունենայ աւագանիին մէջ, նոր ընտրութիւններու երթալու չի պատրաստուիր․ «որ ընկնել քուչա-քուչա, քարոզարշաւ անել՝ ես դա ոչ ընդունում եմ, ոչ էլ երկրորդ անգամ տենց բան անող եմ»։

«Հանրային Ձայն»-ի առաջնորդին այս յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, կը նշանակէ՝ իր ղեկավարած ուժը պիտի չպոյքոթէ աւագանիի նիստը։ Իսկ այդ միակ խոչընդոտն էր, որ միւս ուժերը առանց բացարձակ մեծամասնութեան կարենան քաղաքապետ ընտրել։ Ինքը՝ Ղուկասեանը, հետախուզման մէջ է, շարք մը մեղադրանքներ ներկայացուած են նաեւ անոր խմբակիցներուն։

«Ռոպասերժական կլանը չպիտի իր դիրքերն ամրապնդի։ Ես՝ որպէս ընդդիմութիւն, ես աւելի նախընտրում եմ, որ սրանք չամրապնդուեն», յայտնեց Վարդան Ղուկասեանը։

Հիմա, եթէ «Հանրային Ձայն»-ը «Քաղաքացիական Պայմանագրի» ու «Հանրապետութեան» հետ երթայ Հոկտեմբեր 10-ի նիստին ու միայն մէկ թեկնածու առաջադրուի, քաղաքապետ դառնալու համար անոր անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 27 ձայն։

Անցեալ ամսուան քուէարկութեամբ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը 24 մանտաթ ունի աւագանիին մէջ՝ անոնց կը պակսի եւս երեք ձայն։ Այս պարագային առանցքային է, թէ ինչպէս պիտի քուէարկէ Արամ Սարգսեանի «Հանրապետութիւն»-ը։ Այս կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Արտակ Զէյնալեանը նախօրէին «Ազատութեան» յայտնեց՝ թեկնածուի հարցով որոշում չունին, բայց յստակ է որ պիտի մասնակցին նիստին։

Սեպտեմբեր 17-ին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքով երկրորդ տեղը զբաղեցնող՝ 14 մանտաթ ստացած «Ազգային Առաջընթաց»-ը՝ նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի գլխաւորութեամբ, օրերս յայտարարեց որ խմբակցութիւնը Հոկտեմբեր 10-ի նիստին պիտի չմասնակցի, որպէսզի նոր ընտրութիւններ տեղի ունենան։ Աւագանիին մէջ 12 մանտաթ ունեցող «Մայր Հայաստան»-ը եւս նոյն կարծիքին է՝ ընդդիմադիր թեկնածուի շուրջ համախոհութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ կը նախընտրեն չներկայանալ նիստին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment