Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շահրամանեանը Ատրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններ Կը Վարէ՝ ԼՂ Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը Դուրս Բերելու Համար

Շահրամանեանը Ատրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններ Կը Վարէ՝ ԼՂ Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը Դուրս Բերելու Համար

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ երկրին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ԼՂ-էն անվտանգ դուրս բերելու համար։

Իշխանական շրջանակներէն այս մասին փոխանցած են «Ազատութեան»:

Արցախցի պաշտօնեան, որ փափաքած է անանուն մնալ, ըսած է, որ ձերբակալման վտանգի տակ են նաեւ Արցախի երեք նախկին նախագահները՝ Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, արտաքին գործերու նախկին նախարար եւ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանը։

Բացի անկէ, ըստ «Ռոյթըրզ»-ի աղբիւրներուն, Ատրպէյճանը մօտ երկու հարիւր հայերու ցուցակ ունի, որոնց կ’ուզէ կալանաւորել՝ տարբեր յօդուածներով։

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment