Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ Կը ՀաւատացնԷ, Որ Պատրաստ Է Հոգալու Լեռնային Ղարաբաղէն Ընդհուպ 120 Հազար Տեղահանուածներու Կարիքները

ՄԱԿ Կը ՀաւատացնԷ, Որ Պատրաստ Է Հոգալու Լեռնային Ղարաբաղէն Ընդհուպ 120 Հազար Տեղահանուածներու Կարիքները

by MassisPost

ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի հայաստանեան ներկայացուցիչ Քավիթա Պելանին տեսակապով կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին խօսած է Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստանի տարածք տեսափոխուած մարդոց մասին եւ այսպէս նկարագրած է իրավիճակը՝ «յոգնած ու վախցած մարդոց հսկայական բազմութիւն կը հաւաքուի գրանցման կեդրոններուն մօտ»:

«Սա իրավիճակ մըն է, երբ անոնք ինը ամիս ապրած են շրջափակման պայմաններու մէջ: Եւ հիմա հասած են այստեղ՝ լցուած անհանգստութեամբ ու վախով, եւ անոնք պատասխաններ կը պահանջեն», ըսած է Պելանին:

Պատասխանելով տեղահանուածներու թիւի մասին հարցումին, Պելանին ըսած է, որ փախստականներու հարցերով գրասենեակը պատրաստ է հոգալու ընդհուպ 120 հազար մարդոց կարիքները, բայց եւ աւելցուցած է. «Դժուար է կանխատեսել, թէ քանի հոգին պիտի գան այստեղ»:

ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին տուեալներով, Հայաստանի տարածք հասած փախստականներուն գրեթէ մէկ երրորդը երեխաներ են:

«Մեզի համար գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ անոնցմէ շատերը անջատուած են իրենց ընտանիքներէն», ըսած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի տարածաշրջանային տնօրէն Ռեկինա Տէ Տոմինիսիսը:

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան եւ Կարմիր Մահիկի Միջազգային Միութիւններու ներկայացուցիչ Հիշամ Տիապ ըսած է, որ այժմ կայ այդ փախստականներուն հոգեկան առողջութեան աջակցութեան հսկայական պահանջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment