Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեմքինի Հիմնարկը Աշխարհի Առաջնորդները Մեղադրած Է ԼՂ-ի Մէջ Ցեղասպանութեան Մեղսակցութեան Մէջ

Լեմքինի Հիմնարկը Աշխարհի Առաջնորդները Մեղադրած Է ԼՂ-ի Մէջ Ցեղասպանութեան Մեղսակցութեան Մէջ

by MassisPost

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան հիմնարկը մեղադրած է աշխարհի առաջնորդները Արցախի մէջ ցեղասպանութեան մեղսակցութեան մէջ։ Այս մասին Լեմքինի հիմնարկը գրած է X-ի իր էջով։

«Ցոյց տալով, որ ոչինչ չէ սորված Արցախի հայերի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայիս իրականացուող ցեղասպանութենէն՝ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ օժանդակել յանցագործին իր անխոհեմ, կեղծ հաւասարակշռութեամբ եւ մոլորութիւն հանդիսացող իր համոզմունքով, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգը կրնայ մասնակցիլ բարեխիղճ քննարկումներու կամ բանակցութիւններու», կը գրէ հիմնարկը:

Հիմնարկը նաեւ նշած է, որ Ցեղասպանութիւնը «պարզապէս տարաձայնութիւններ ունենալու» խնդիր չէ։ «Աւելին, ենթադրել, որ ԱՄՆ որեւէ դեր չէ խաղցած Ալիեւի անպատժելիութեան ցեղասպանութիւն իրականացնելու գործին մէջ, լաւագոյն պարագային՝  սուտ է», կ’ըսուի գրառման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment