Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Հետ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Կամ Համաներման Վերաբերեալ Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Չէ Բերուած. Դաւիթ Բաբայեան

Ատրպէյճանի Հետ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Կամ Համաներման Վերաբերեալ Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Չէ Բերուած. Դաւիթ Բաբայեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի հետ անվտանգութեան երաշխիքներու կամ համաներման վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած։ Այս մասին «Ռոյթըրզ»-ին ըսածէԱրցախինախագահիխորհրդականԴաւիթԲաբայեանը։

«Այս հարցերը դեռ պէտք է լուծուեն, յստակ արդիւնքներ դեռ չկան», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեանը։

Անոր խօսքով՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Ուրբաթ օր Հայաստանէն Լաչինի միջանցքով մարդասիրական շարասիւն պիտի մեկնի դէպի Ղարաբաղ։ «Իրավիճակը շատ ծանր է՝ մարդիկ սովամահ են լինում, լոյս չկայ, վառելիք չկայ, մենք շատ փախստականներ ունենք», ըսաւ ան։

Ռուսական եօթը խաղաղապահ ինքնաշարժներ, այդ շարքին՝ մեծ բեռնատարներ, Ուրբաթ օրը անցած են հայկական անցակէտով՝ շարժելով դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, դէպքի վայրէն յայտնած է «Ռոյթըրզ»-ի թղթակիցը։

Աւելի վաղ, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւը յայտնած էր, որ Պաքուն «համաներում կը նախատեսէ այն ղարաբաղցի զինեալներուն համար, ովքեր կը յանձնեն իրենց զէնքերը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment