Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Կը Խրախուսէ Ստեփանակերտի Իր Գործընկերները՝ Ներգրաւուելու Միջազգային Մեխանիզմով Երկխօսութեան Մէջ

Փաշինեան Կը Խրախուսէ Ստեփանակերտի Իր Գործընկերները՝ Ներգրաւուելու Միջազգային Մեխանիզմով Երկխօսութեան Մէջ

by MassisPost

Պէտք է յուսալ, որ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան վստահելի միջազգային մեխանիզմ կը ստեղծուի, եւ «մենք Ստեփանակերտի մեր գործընկերները կը խրախուսենք եւ կը քաջալերենք՝ ներգրաւուելու նման երկխօսութեան մէջ», յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան նշեց նաեւ, որ պաշտօնական Երեւանը ստացած է Ատրպէյճանի նոր մեկնաբանութիւնները Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին վերաբերեալ. «Մենք կ’աշխատենք եւ ողջամիտ ժամկէտում կը ներկայացնենք մեր մեկնաբանութիւնները»:

«Խաղաղությունը մեր տարածաշրջանում այլընտրանք չունի եւ այն միակ լուծումն է, որ երաշխաւորում է մեր տարածաշրջանի երկրների ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչն անհրաժեշտ եւ էական պայման է բնականոն զարգացման եւ յառաջընթացի համար: Եւ այսօր, նաեւ այս իմաստով, հրատապ է Լեռնային Ղարաբաղում մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարումը, ինչի ուղղութեամբ, ինչպէս ասացի, կը շարունակենք ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր միջոցները», յայտնեց Հայաստանի վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment