Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքընի Տեղակալը Կը Նշէ՝ ԱՄՆ Պէտք Է Մեծցնէ Հայաստանի Զարգացման Աջակցութիւնը, Պաշտպանական Համագործակցութիւնը

Պլինքընի Տեղակալը Կը Նշէ՝ ԱՄՆ Պէտք Է Մեծցնէ Հայաստանի Զարգացման Աջակցութիւնը, Պաշտպանական Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները պէտք է մեծցնէ Հայաստանի զարգացման աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին հետ պաշտպանական համագործակցութիւնը։ Այս մասին յայտնած է պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմը։

«Մենք պէտք է մեծցնենք օգնութեան շրջանակը, որ մենք կը տրամադրենք Հայաստանին, ըլլայ այդ զարգացման աջակցութիւն, ըլլայ այդ պաշտպանական ոլորտին մէջ գործընկերութիւն կամ անվտանգութեան ոլորտին մէջ աշխատանք», յայտնած է պաշտօնեան ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամին վերաբերեալ լսումներու ժամանակ:

Քիմ յաւելած է, որ աջակցութիւնը պէտք է աւելցնել այնքան, որքան որ ընդունելի ըլլայ Հայաստանի համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment