Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Ընդունած Է Ֆրանսայի ԱԺ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի Նախագահը

Փաշինեան Ընդունած Է Ֆրանսայի ԱԺ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի Նախագահը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Լուի Պուրլանժը:

Վարչապետը կարեւորած է անոր այցը Հայաստան եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրման, յատկապէս վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի միջազգային տեսանելիութեան նպաստելու համար: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակին Ֆրանսայի արձագանգը մեր ժողովուրդներու բարեկամութեան լաւագոյն արտայայտումներէն է: Վարչապետը ընդգծած է, որ Ֆրանսայի կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը տակաւին ԼՂ ժողովուրդին չէ հասած եւ բարձր գնահատած է ֆրանսական կողմին քայլերը:

Ժան-Լուի Պուրլանժը եւս մէկ անգամ ընդգծած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին եւ ԼՂ ժողովուրդին` յաղթահարելու դժուարութիւններն ու առկայ խնդիրները:

Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ պետական սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծի երկայնքով զօրքերու տեղաշարժերուն հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան, ԼՂ-ի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ քայլերուն, հայ-ֆրանսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Երկուստեք գոհունակութիւն արտայայտուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններուն միջեւ ձեւաւորուած սերտ փոխգործակցութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment