Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Անհանգստացած Է ԼՂ-ի Մէջ Շարունակուող Լարուածութեամբ, Կը Շարունակէ Շփումները Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ․ Փեսքով

Մոսկուան Անհանգստացած Է ԼՂ-ի Մէջ Շարունակուող Լարուածութեամբ, Կը Շարունակէ Շփումները Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ․ Փեսքով

by MassisPost

Մոսկուան անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող լարուածութեամբ, լրագրողներուն ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ նշելով, որ Մոսկուան կը շարունակէ շփումները Պաքուի եւ Երեւանի հետ եւ երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ’ընէ։

«Ի հարկէ, մենք մտահոգուած ենք, որ լարուածութիւնը չի թուլանար եւ նոյնիսկ որոշ հատուածներու մէջ աճի միտում ունի: Չնայած ամէն ինչին, Ռուսաստանը կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան յուսալի երաշխաւորը: Մենք կը շարունակենք մեր շփումները ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Պաքուի հետ եւ, ի հարկէ, կոչ կ’ընենք երկուստեք զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ գործելու երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերու ոգիով, ի հարկէ, հաշուի առնելով այն նոր իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են անկէ յետոյ», ըսած է Փեսքով՝ ի պատասխան Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճի վերաբերեալ Մոսկուայի դիրքորոշման մասին հարցին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment