Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Հաստատեց Մեծամորի Աթոմակայանի Շահագործման Ժամկէտը Մինչեւ 2036թ Երկարաձգելու Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Հաստատեց Մեծամորի Աթոմակայանի Շահագործման Ժամկէտը Մինչեւ 2036թ Երկարաձգելու Ծրագիրը

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը իր Սեպտեմբեր 14-ի նիստին հաստատեց Հայկական Աթոմային Ելեկտրակայան ընկերութեան N-2 ուժանիւթապլոքի շահագործման ժամկէտը երկարացնելու (Շժե-2) ծրագիրը եւ այդ ծրագրով նախատեսուած միջոցառումներու կազմակերպման եւ կատարման ծրագիրը:

Որոշման հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ Հայկական Աթոմային Ելեկտրակայանի 2-րդ ուժանիւթապլոքի շահագործման նախագծային ժամկէտը աւարտած է 2016 թուականին։

Նշուած ծրագրի շրջանակներուն մէջ Հայկական Աթոմային Ելեկտրակայանին մէջ կատարուած են մեծածաւալ արդիականացման եւ վերազինման աշխատանքներ (շուրջ 189 միլիոն տոլար Ռուսիայէն ստացուած վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներ, ինչպէս նաեւ ՀՀ պետական պիւտճէէն շուրջ 63,2 միլիառ դրամ)։

Հաշուի առնելով արդէն իսկ կատարուած արդիականացման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ մասնագիտացուած կազմակերպութիւններուն կարծիքները եւ նմանատիպ ուժանիւթապլոքներու շահագործման ժամկէտի երկարացման միջազգային փորձը, կը նախատեսուի, որ լրացուցիչ ներդումներ/աշխատանքներ կատարելու միջոցով հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի երկարացնելիւ ՀԱԷԿ №2 ուժանիւթապլոքի շահագործման նախագծային ժամկէտը եւս 10 տարիով՝ 2026 թուականէն մինչեւ 2036 թուական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment