Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի՝ Պատեն-Պատեն Այցելելու Մասով Յարուցուած Քրէական Գործը Կարճուած Է

Սերժ Սարգսեանի՝ Պատեն-Պատեն Այցելելու Մասով Յարուցուած Քրէական Գործը Կարճուած Է

by MassisPost

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման ընթացքին գերմանական Պատեն-Պատեն այցելելու, այդ թռիչքներուն նպատակն ու պետական միջոցներու հնարաւոր վատնումը ստուգելու նպատակով յարուցուած քրէական գործը կարճուած է։ Այս մասին տեղեկացուցած է Գլխաւոր դատախազութիւնը։

«Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորում» խորհրդատուական հասարակական կազմակերպութեան ծրագրերու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանի կողմէ ՀՀ գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած յանցագործութեան մասին հաղորդման հիման վրայ յարուցուած քրէական գործով պարզուած է, որ ՀՀ պաշտօնաթող նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար 2008-2018 թուականներու ընթացքին կազմակերպուած են թռիչքներ դէպի Պատեն-Պատեն քաղաք, սակայն քրէական վարոյթով անոնց հետ կապուած գործընթացներուն մէջ առկայ չեն եղած քրէական օրէնքով նախատեսուած յանցանքի յատկանիշեր, ուստի քրէական վարոյթը կարճուած է:

2021 թուականի Սեպտեմբեր 15-ին «Փաստերու Ստուգման Հարթակ»-ը հետաքննութիւն հրապարակած էր, ըստ որուն՝ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնավարման 10 տարիներու ընթացքին ամէն տարի կառավարական օդանաւով պետական միջոցներու հաշուոյն մեկնած է գերմանական Պատեն-Պատեն քաղաք։ Հետաքննութեան համաձայն՝ Սարգսեանը պաշտօնավարման տասը տարիներու ընթացքին գերմանական առողջարանային այդ քաղաք մեկնած է աւելի քան 16 անգամ։ Հարթակը, փաստեր ներկայացնելով, նաեւ կը պնդէ, որ երրորդ նախագահը Պատեն-Պատենի մէջ եղած է նաեւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ՝ Ապրիլ 5-ին։

Ըստ հետաքննութեան, Սերժ Սարգսեանը Ապրիլ 6-ին ու 7-ին դէպի Գերմանիա նախատեսուած պաշտօնական այցը օգտագործած է կրկին Պատեն-Պատեն այցելելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment