Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փրոֆ. Ումիթ Քուրտ Ելոյթ Պիտի Ունենայ «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւնը Այնթէպի Մէջ» Նիւթին Շուրջ

Փրոֆ. Ումիթ Քուրտ Ելոյթ Պիտի Ունենայ «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւնը Այնթէպի Մէջ» Նիւթին Շուրջ

by MassisPost

«Մասիս» Հրատարակչականը պիտի հիւրընկալէ հրապարակային քննարկում մը Փրոֆ. Ումիթ Քուրտի հետ, Նիւթ ունենալով «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւնը Այնթէպի Մէջ. Հիմնադիրներ, գաղափարախօսութիւն եւ կառոց»:

Յայտնենք որ, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին տարիներուն կը գործէր «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւն» անուան տակ:

Սոյն միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի« Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան ժամը 8-ին« ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս:

Փրոֆ. Ումիթ Քուրտ պատմաբան է արդի Միջին Արեւելքի հարցերու: Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական պատմութեան շուրջ` Օսմանեան Կայսրութեան մէջ եւ  թրքական հանրապետութեան առաջին տարիներուն` 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայերու տեղահանութեան վրայ:

Փրոֆ. Ումիթ Քուրտ իր Դոկտրական թեզը պաշտպանած է 2016-ին, Ամերիկեան Քլարք Համալսարանի պատմութեան ամպիոնէն ներս:

Սոյն նիւթը երկրորդն է «Մասիսՙ Հրատարակչականի կազմակերպած քննարկումներուն, որոնք կեդրոնացած են Հայ ժողովուրդի վերջին 150 տարիներու պատմութեան վրայ:

«Մասիս» Հրատարակչականը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հրատարակէ «Մասիս» Շաբաթաթերթըՙ եւ «MassisPost.com»-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment