Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Այլեւս Չենք Կրնար Յոյս Դնել Ռուսաստանի Վրայ, Որ Մեզ Պաշտպանէ․ ՀՀ Վարչապետը Հարցազրոյց Տուած Է «POLITICO» Պարբերականին

Մենք Այլեւս Չենք Կրնար Յոյս Դնել Ռուսաստանի Վրայ, Որ Մեզ Պաշտպանէ․ ՀՀ Վարչապետը Հարցազրոյց Տուած Է «POLITICO» Պարբերականին

by MassisPost

Ուքրանական հակամարտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը այլեւս չի կրնար ապաւինիլ Մոսկուային՝ որպէս իր անվտանգութեան երաշխաւոր, նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը մեծնան մտավախութիւնները Ատրպէյճանի հետ բաց հակամարտութեան վերադառնալու առնչութեամբ։

«POLITICO» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ըստ պարբերականին՝ Փաշինեանի ընդգծուած քննադատութիւնը Ռուսաստանի՝ որպէս Կովկասի մէջ ոստիկան գործելու անկարողութեան վերաբերեալ միայն կ’ուժեղացնէէ այն զգացումը, որ Քրեմլինը կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եւ չունի երբեմնի շատ գովաբանուած գերտէրութեան կարգավիճակը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ, որոնց ժամանակին Մոսկուան կը համարէր իր ազդեցութեան գօտին:

«POLITICO»-ի փոխանցմամբ՝ Երեւանի մէջ հիասթափութիւնը կրնայ լուրջ շրջադարձ ըլլալ 2,8 միլիոննոց երկրին համար, քանի որ ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ ան իր երկաթուղիի, ուժանիւթային ոլորտի եւ նոյնիսկ իր սահմաններու վերահսկողութեան մեծ մասը պատուիրակած է Ռուսաստանին: 2020 թուականին Հայաստանը 44-օրեայ պատերազմ մղեց Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացած Ատրպէյճանի աւելի ուժեղ զօրամիաւորումներու դէմ, հակամարտութեան հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան իւրաքանչիւր կողմէ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարը պահպանելու համար տեղակայուեցան ռուս խաղաղապահները: Այժմ Ռուսաստանը ամբողջութեամբ ներգրաւուած է Ուքրանիոյ հետ պատերազմին մէջ, ուստի Երեւանի մէջ կը մեծնան մտավախութիւնները, թէ արդեօք ռուսական բանակը պատրա՞ստ է կամ ի վիճակի՞ է պահպանել խաղաղութիւնը Կովկասի մէջ։ Այդ ընդգծուած մտահոգութիւն է, որովհետեւ կան բոլոր վտանգները, որ Հայաստանը կրնայ վերսկսիլ Ատրպէյճանի հետ մարտերը Լեռնային Ղարաբաղի համար:

«Ուքրանիայում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների արդիւնքում փոխուել են Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները», ըսած է Փաշինեան՝ ընդունելով, որ Մոսկուան կը ձգտի խուսափելու Ատրպէյճանն ու անոր մերձաւոր դաշնակից Թուրքիան օտարելէ, որոնք երկուքն ալ Քրեմլինի համար մինչեւ ուքրանական պատերազմը ունեցած են ռազմավարական նշանակութիւն։

«Մեր ռազմավարութիւնը պէտք է լինի այն, որ փորձենք այս իրավիճակում առաւելագոյնս նուազեցնել մեր կախուածութիւնը ուրիշներից։ Մենք ուզում ենք ունենալ անկախ երկիր, ինքնիշխան երկիր, բայց պէտք է ճանապարհներ ունենանք, որպէսզի չյայտնուենք Արեւմուտքի ու Արեւելքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի բախումների կեդրոնում… Չի կարող լինել դէպք, երբ Հայաստանը դառնայ «փրոքսի»։ Սա անթոյլատրելի է։ Մոտելը, որով մենք խնդիրներ ունենք մեր հարեւանների հետ, եւ պէտք է հրաւիրենք ուրիշներին պաշտպանելու մեզ, կարեւոր չէ, թէ ովքեր են նրանք, շատ խոցելի մոտել է», վարչապետին խօսքը մէջբերած է «POLITICO»-ն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment