Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արտակ Բեգլարեանի Եւ Սերժ Թանքեանի Հետ «BBC»-ի Հարցազրոյցը Յարուցած Է Պաշտօնական Պաքուի Զայրոյթը

Արտակ Բեգլարեանի Եւ Սերժ Թանքեանի Հետ «BBC»-ի Հարցազրոյցը Յարուցած Է Պաշտօնական Պաքուի Զայրոյթը

by MassisPost

Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի եւ ամերիկահայ երաժիշտ Սերժ Թանքեանի հետ «BBC»-ի հարցազրոյցը յարուցած է պաշտօնական Պաքուի զայրոյթը։

««BBC»-ն կը զբաղի միակողմանի եւ կողմնակալ, յարձակողական շահարկումներով, սուտի տարածմամբ»,- X-ի (նախկին Թուիթըր) իր էջով գրած է Ատրպէյճանի նախագահի խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւը։

«BBC»-ի Context հաղորդման ընթացքին Բեգլարեանն ու Թանքեանը պատմած են Լաչինի միջանցքի արգելափակման, Ալիեւի վարչակազմի գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին մասին։

Թանքեանը քննադատած է միջազգային հանրութիւնը՝ ռուսական ուժանիւթակիրները Ատրպէյհանի միջոցով ստանալու դիմաց Պաքուի գործողութիւններուն պատշաճ գնահատական չտալու, համարժէք գործողութիւններ չձեռնարկելու համար։

Ամերիկահայ երաժիշտը նաեւ Բրիտանիան մեղադրած է Պաքուի հետ ունեցած առեւտրային կապերու պատճառով լռելու համար։

Խօսքի ազատութեան առումով աշխարհի յետնապահներէն համարուող Ատրպէյճանի մէջ «BBC»-ի հաղորդումը, այդ շարքին՝ BBC-ի ատրպէյճանական ծառայութեան գործունէութիւնը քննադատած է նաեւ «Ատրպէյճանի մամուլի խորհուրդ» կազմակերպութիւնը։

Կառոյցին գնահատմամբ, այդ լրատուամիջոցը «ոչ-առարկայական նիւթեր եւ կանխակալ յայտարարութիւններ կ’ընէ»։

«Կա՛մ այդ լրատուական-կառոյցը պէտք է ներողութիւն խնդրէ եւ յարգէ մեր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, կա՛մ անոր գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ պէտք է դադրեցուի, հաւատարմագիրը չեղարկուի», կ’ըսուի ատրպէյճանցի լրագրողները միաւորող կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment