Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Երբեք Պիտի Չընդունի Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւնները. Ապտըլ Լահիանը՝ Ֆիտանին

Իրանը Երբեք Պիտի Չընդունի Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւնները. Ապտըլ Լահիանը՝ Ֆիտանին

by MassisPost

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանը Թեհրանի մէջ համատեղ մամուլի ասուլիս ունեցած է իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ։

Մամուլի ասուլիսին ընթացքին իրանցի նախարարը ըսած է, որ «այսօրուան հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ ծաւալած են մանրամասն, բայց արդիւնաւէտ քննարկումներ երկկողմ համագործակցութեան բոլոր առումներով»։

Խօսելով կովկասեան տարածաշրջանին մասին՝ Ապտըլ Լահիանը ըսած է, որ եկած է ժամանակը թողելու լարուածութեան եւ հակամարտութիւններու շրջանը եւ յառաջ շարժիլ դէպի Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան շրջան»։

«Մենք կ’աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութիւններուն եւ երկխօսութիւններուն եւ երբեք պիտի չընդունինք տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները եւ տարածաշրջանին մէջ առկայ պատմական տարանցիկ ուղիներու սահմանափակումը», ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment