Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Տարածքային Իշխանութիւնները Մաքրոնին Կոչ Կ’ընեն ՄԱԿ ԱԽ-ին Մէջ Բանաձեւ Ներկայացնելու Լաչինի Միջանցքին Հարցով

Ֆրանսայի Տարածքային Իշխանութիւնները Մաքրոնին Կոչ Կ’ընեն ՄԱԿ ԱԽ-ին Մէջ Բանաձեւ Ներկայացնելու Լաչինի Միջանցքին Հարցով

by MassisPost

Ֆրանսայի տարածքային իշխանութիւնները յայտարարութեամբ հանդէս եկած են ի աջակցութիւն Արցախի հայերուն. անոնք նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին կոչ կ’ըեն սեղմ ժամկէտերու մէջ հանդէս գալու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ բանաձեւ ներկայացնելու նախաձեռնութեամբ՝ պահանջելով Լաչինի միջանցքին անյապաղ եւ անվերապահ բացումը՝ մարդասիրական օգնութեան առաքումը եւ ապրանքներու ու մարդոց ազատ տեղաշարժը թոյլ տալու համար։

Յայտարարութիւնը, որ հրապարակած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն X (նախկին Twitter) ընկերային ցանցին մէջ, շարունակութիւնն է մարդասիրական շարասիւնի միջոցով Արցախի ժողովուրդին հրատապ օգնութիւն հասցնելու նպատակով Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութեան՝ Օգոստոս 29-31-ին Հայաստան եւ Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս կատարած այցելութեան:

«Այս մտահոգիչ մարդասիրական իրավիճակէն զատ, պէտք է յարգուի 2020 թուականի վերջը ընդունուած համաձայնագրերով հաստատուած խաղաղութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, որ կը հանդիսանայ անոր գոյատեւման պարտադիր (sine qua non) պայման, այս իրավիճակին մէջ, երբ Ատրպէյճանը կը փորձէ թաքցնել իր ցեղասպան նկրտումները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment