Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Վաղը Հրաժարական Պիտի Տայ

Արցախի Նախագահը Վաղը Հրաժարական Պիտի Տայ

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը խոստանայ վաղը հրաժարական տալ, թերեւս իր վերջին հրամանագրով ալ կը փոխէ պետական նախարարը. Գուրգէն Ներսիսեանի փոխարէն այդ պաշտօնին նշանակուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը, ֆէյսպուքեան գրառմամբ տեղեկացուց Յարութիւնեան՝ պնդելով, որ հեռանալու որոշումը բացառապէս իրենն է։

Հնարաւոր զարգացումներու պայմաններուն մէջ, Յարութիւնեանի ձեւակերպմամբ, մօտեցումներու փոփոխութեան կարիք կայ, իսկ անոր համար Արցախի մէջ պէտք է հիմնական դերակատարները փոխուին։

«Իմ կենսագրութիւնը եւ դրա հանդէպ Ատրպէյճանի վերաբերմունքը արհեստականօրէն ձեւաւորում են մի շարք պայմաններ, որոնք էական խնդիրներ են յարուցում մեր հետագայ քայլերի կառուցման եւ ճկուն քաղաքականութեան վարման տեսանկիւնից: Բացի դրանից, պատերազմում պարտութիւնը եւ դրանից յետոյ երկրում ստեղծուած դժուարութիւններն էականօրէն նուազեցրել են նաեւ իշխանութիւնների, յատկապէս՝ նախագահի նկատմամբ վստահութիւնը, ինչը լրջագոյնս խոչընդոտել է պատշաճ կառավարման հետագայ ընթացքին», նշած է Յարութիւնեան:

Թէ ի՞նչ նոր մարտավարութեան մասին կը խօսէր հեռացող նախագահը, պարզ չէ։ Արայիկ Յարութիւնեանը պաշտօնը ստանձնեց 2020-ի Մայիս 21-ին՝ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած երդմնակալութեան արարողութեան ընթացքին։

Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը կը հաւաստիացնէր, թէ նախագահի հրաժարականի հարց չի քննարկուիր։ Երբ նախագահը հեռանալու դիմում գրէ, խորհրդարանի խօսնակը ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ երկրի ղեկավարի լիազօրութիւններուն իրականացումը, իսկ վերջերս փոխուած ԱԺ կանոնակարգ օրէնքով՝ Արցախի նախագահը պիտի ընտրէ խորհրդարանը։ Ռազմական դրութեան ժամանակ, իսկ Արցախի մէջ ռազմական դրութիւն է, ԱԺ-ի կողմէ ընտրուած նախագահը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող նախագահի լիազօրութիւններուն աւարտը՝ այսինքն մինչեւ 2025 թուականը։

Արայիկ Յարութիւնեանը նաեւ յայտարարեց, որ նորանշանակ պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանին տրուած են լայն լիազօրութիւններ: Թէ այդ ի՞նչ կը նշանակէ, Յարութիւնեան չէ մանրամասնած, անոր հրամանագիրը պաշտօնական կայքին մէջ տակաւին հրապարակուած չէ։ Բայց երբ Ռուբէն Վարդանեանը ստանձնած էր պետական նախրարարի պաշտօնը, անոր ալ նոյն խոստումը տրուեցաւ, ու Վարդանեանի վերահսկողութեան նաեւ արտաքին գերատեսչութիւնը աւելցաւ։

Վերջին անգամ՝ այս տարուան Մարտին ատրպէյճանցիներուն հետ հանդիպած արցախեան կողմի բանակցողներուն մէջ էր նաեւ Սամուէլ Շահրամանեանը։ Մամուլը արդէն կը գրէ, որ ան պիտի ընտրուի Արցախի յաջորդ նախագահ։

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment