Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսական Մարդասիրական Բեռները Կոռնիձորի Մէջ Են

Ֆրանսական Մարդասիրական Բեռները Կոռնիձորի Մէջ Են

by MassisPost

Փարիզի եւ ֆրանսական շարք մը մեծ քաղաքներու իշխանութիւններուն ուղարկած մարդասիրական բեռը արդէն Կոռնիձորի մէջ է։

10 բեռնատարները առաւօտեան շարժած էին դէպի Կոռնիձոր Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն։

Շարասիւնին կ’ուղեկցէր Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն։

Նախքան Կոռնիձոր հասնիլը Փարիզի քաղաքապետին Գորիսի մէջ դիմաւորած են Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը, Արցախի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Ղազարեանը եւ Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանը։

Անն Իտալկօն աւելի վաղ թուիթըրեան իր էջով ֆրանսական պատուիրակութեան հետ Հայաստանէն լուսանկար հրապարակած էր՝ ուղեկցելով հետեւեալ գրառմամբ․ «Հայաստանի մէջ ենք՝ Փարիզի եւ այլ տեղական իշխանութիւններու ընտրուած պաշտօնեաներու հետ: Ինը ամիս է՝ Արցախի 120 հազար հայերը, որոնցմէ 30 հազարը՝ երեխաներ, մեկուսացուած են, մատնուած են սովի, զրկուած են ամէն ինչէ: Մարդասիրական այդ աղէտին դէմ-յանդիման մենք անոնց համար հրատապ օգնութիւն կը տանինք: Ժամանակը հաշւուած է»:

Ֆրանսական օգնութեամբ առաջին բեռնատարները Կոռնիձորի մէջ են Օգոստոս 9-էն, ուր Յուլիս 26-էն կը սպասէ նաեւ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուող մօտ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը․ Ատրպէյճանը թոյլ չի տար Լաչինի միջանցքով բեռներու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment