Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռուսաստանը Ապխազիայէն Եւ Հարաւային Օսեթիայէն Զօրքերը Կը Տեղափոխէ Ուքրանիա

Ռուսաստանը Ապխազիայէն Եւ Հարաւային Օսեթիայէն Զօրքերը Կը Տեղափոխէ Ուքրանիա

by MassisPost

ԵՄ դիտորդները կը յայտնեն, որ Ռուսաստանը Ապխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն զօրքերը կը տեղափոխէ Ուքրանիա։

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի պատճառով Ռուսաստանը, ըստ երեւոյթին, Հարաւային Օսեթիայէն եւ Ապխազիայէն զինուորականները եւ զրահամեքենաները տեղափոխած է. այդ տարածաշրջաններուն մէջ զօրախումբը զգալիօրէն կրճատուած է, ըսած է Վրաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Տիմիթրիոս Գարապալիսը։

Ան յաւելած է, որ հակամարտութեան սրման վտանգ չի տեսներ, քանի որ թէ՛ ռուսական, թէ՛ վրացական կողմը կազմի եւ սարքի պակաս կը զգան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment