Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Կ’ուզէ Հրաժարիլ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ Յայտարարութենէն Ու Շարունակել Պատերազմը․ Արցախի Նախագահ

Ատրպէյճանը Կ’ուզէ Հրաժարիլ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ Յայտարարութենէն Ու Շարունակել Պատերազմը․ Արցախի Նախագահ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այն կարծիքին է, որ Ատրպէյճանը կ’ուզէ հրաժարիլ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ յայտարարութենէն եւ շարունակել պատերազմը։

Արցախի նախագահը այս մասին ըսած է Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ Ատրպէյճանը, օգտուելով Ուքրանիոյ հետ պատերազմի մէջ գտնուող Ռուսաստանի վիճակէն, փորձած է ստիպել Արցախին հրաժարիլ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ անոր տրուած իրաւունքներէն եւ երկխօսութեան երթալ իր առաջարկած օրակարգով։

«Ատրպէյճանն ուզում է հրաժարուել եռակողմ յայտարարութիւնից եւ շարունակել պատերազմը։ Սա արդէն պատերազմ է, սա պատերազմի շարունակութիւնն է, որի նպատակն է պաշարման միջոցով Լեռնային Ղարաբաղը դարձնել համակեդրոնացման ճամբար, իսկ յետոյ իրականացնել ցեղասպանութիւն», յայտնած է Յարութիւնեանը։

Արցախի նախագահին խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան նպատակներէն մէկը նաեւ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելն է՝ Սիւնիքով ճանապարհի աւելի արտօնեալ պայմաններ ունենալու համար։

Յարութիւնեան մէջբերեց 2021 թուականի Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումէն առաջ Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, որ «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է աշխատի Լաչինի միջանցքի տրամաբանութեան շրջանակներուն մէջ»։

«Ի հարկէ, մենք սկզբնական շրջանում դրան ուշադրութիւն չէինք դարձնում, մտածում էինք, որ դա յայտարարութիւն է Հայաստանի իշխանութիւնների վրայ ճնշում գործադրելու համար, սակայն հետագայում Ատրպէյճանը իր վարած քաղաքականութեան մէջ դա կարեւորում էր։ Կարող եմ նաեւ այսօր յայտարարել, որ Ատրպէյճանը շարունակում է իր ճնշումները առաւելագոյնը կորզելու համար։ Մենք պէտք է հաստատենք, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հայերին ինչ-որ առումով պատանդի կարգավիճակում պահելու եւ զուգահեռաբար ցեղասպանութիւն իրականացնելու ցանկութիւն ունի՝ ճնշում գործադրելով Հայաստանի վրայ Զանգեզուրի ճանապարհի առաւել արտօնեալ տարբերակ ունենալու առումով», յայտնած է Արայիկ Յարութիւնեանը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment