Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կէս Տարուան Ընթացքին Ռուսաստանէն Հայաստան Այցելած Է Աւելի Քան 545 Հազար Զբօսաշրջիկ

Կէս Տարուան Ընթացքին Ռուսաստանէն Հայաստան Այցելած Է Աւելի Քան 545 Հազար Զբօսաշրջիկ

by MassisPost

2023 թուականի առաջին կիսամեակին Ռուսաստանէն Հայաստան ժամանած է աւելի քան 545 հազար զբօսաշրջիկ։ Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճը կազմած է 74 տոկոս։

Ընդհանուր առմամբ, Յունուար-Յունիս ժամանակահատուածին աւելի քան 11,5 միլիոն ռուսաստանցի արտասահման այցելած է։ Ամենաշատը՝ 2,3 միլիոն այցելած է Թուրքիա։ Ռուսերուն նախընտրած երկրորդ վայրը Աբխազիան է, այստեղ այցելած է 2,1 միլիոն մարդ։ Հայաստանը 7-րդ տեղն է։

Պատժամիջոցներու եւ սահմանափակումներու պատճառով ռուսերը չեն կրնար հեշտութեամբ մեկնիլ արեւմտեան երկիրներ։

«Ինթերֆաքս»ի ներկայացուցած առաջին տասնամեակին եւրոպական երկիրներէն միայն Ֆինլանտան է, ուր վեց ամսուան ընթացքին այցելած է 306 հազար ռուս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment