Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023թ. Յունուար-Յուլիս Ամիսներուն Հարկային Եկամուտներու Եւ Պետական Տուրքերու Ցուցանիշերը

2023թ. Յունուար-Յուլիս Ամիսներուն Հարկային Եկամուտներու Եւ Պետական Տուրքերու Ցուցանիշերը

by MassisPost

2023 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներու ընթացքին ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէին կողմէ ապահովուած է 1 թրիլիոն 265 միլիառ դրամ հարկային եկամուտներ եւ պետական տուրքեր, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 178,4 միլիառ դրամով կամ 16,4%-ով:

Նախորդ տարուան համադրելի ժամանակաշրջանի ցուցանիշով պղինձի խտահանքի, մոլիպտենի խտահանքի եւ մոլիպտենի արտահանման համար վճարուած պետական տուրքի գումարները չներառելու պարագային՝ 2023 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներու ընթացքին ապահովուած հարկային եկամուտներու եւ պետական տուրքերու աճը նախորդ տարուան համեմատ կը կազմէ 223,9 միլիառ դրամ կամ 21,5%:

2023 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներու ընթացքին հարկ վճարողներուն եւ ֆիզիքական անձերուն վերադարձուած է շուրջ 210,2 միլիառ դրամ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 81,2 միլիառ դրամով կամ 63%-ով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment