Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ Պատրաստ Է Վերադառնալու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանին Դիտորդական Առաքելութիւն Տեղակայելու Հարցի Քննարկման

ՀԱՊԿ Պատրաստ Է Վերադառնալու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանին Դիտորդական Առաքելութիւն Տեղակայելու Հարցի Քննարկման

by MassisPost

ՀԱՊԿ պատրաստ է վերադառնալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու հարցի քննարկման, կազմակերպութիւնը կը սպասէ Երեւանի արձագանգին: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու առաջին բաժանմունքի տնօրէն Միքայէլ Աղասանտեանը։ «ՀԱՊԿ-ը կազմող պետութիւնները երբեք չեն խորշած տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղուած ջանքերէն եւ բազմիցս հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ գտնելու յստակ լուծումներ, որոնք թոյլ պիտի տան մեր հայ ընկերներուն առաւելագոյն օգուտով օգտագործել կազմակերպութեան լայն հնարաւորութիւնները։ Մենք տակաւին կ’ակնկալենք Երեւանէն դրական արձագանգ եւ պատրաստ ենք վերսկսելու բովանդակային աշխատանքը Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու առաջարկին, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցին օգնելու այլ համատեղ միջոցառումներու շուրջ», ըսաւ ան։

Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Մոսկուան համոզուած է, որ համապատասխան որոշումներու ընդունումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ընդհանուր տարածաշրջանային իրավիճակին վրայ։

«Եւս մէկ անգամ շեշտեմ՝ մենք պատրաստ ենք նման կառուցողական աշխատանքի», ըսաւ ան։

Միաժամանակ, Աղասանտեան յոյս յայտնած է, որ Երեւանը կը հասկնայ, որ արեւմտեան երկիրները կը փորձեն քաղաքական եւ տնտեսական ճնշում գործադրել Ռուսաստանի ամենամօտ դաշնակիցներուն, այդ շարքին՝ Հայաստանի վրայ՝ «առաւելագոյն վնաս հասցնելու Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ անոր դիրքերուն Հարաւային Կովկասի մէջ»։

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ամենաբարդերէն է, այն ունի խոր պատմական արմատներ: Կայուն կարգաւորման միակ ճանապարհը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետեւողական կարգաւորումն է՝ բանակցութիւններու հիման վրայ, կողմերու փոխադարձ յարգանքը, անոնց պատրաստակամութիւնը փոխզիջումներու երթալ, պատասխանատու որոշումներ կայացնել եւ զանոնք իրականացնել։ Այս ծիրին մէջ ես չեմ կրնար չնշել Ռուսաստանի եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ այս դժուարին գործընթացին մէջ խաղացած առանցքային միջնորդական դերը», ըսաւ Աղասանտեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment