Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զախարովա․ «ՀՀ Ղեկավարութիւնը Շարք Մը Առանցքային Հարցերու Մէջ Երկիմաստ Դիրքորոշում Որդեգրած Է»

Զախարովա․ «ՀՀ Ղեկավարութիւնը Շարք Մը Առանցքային Հարցերու Մէջ Երկիմաստ Դիրքորոշում Որդեգրած Է»

by MassisPost

«Հայաստանի ղեկավարութիւնը շարք մը առանցքային հարցերու մէջ երկիմաստ դիրքորորշում որդեգրած է», Մոսկուայի մէջ կայացած ճեպազրոյցին ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները։

«Բոլոր խօսակցութիւնները այն մասին, որ [Ուքրանիոյ մէջ ընթացող] յատուկ ռազմական գործողութեան լոյսին տակ արտաքին քաղաքականութեան որոշ ուղղութիւններ Մոսկուայի համար երկրորդական դարձած են, որեւէ փաստական հիմք չունին, անոնք զուտ գնահատականներ են, գուցէ անձնական կարծիք կամ յուզական դրսեւորում», յայտարարած է Զախարովան։

Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակին պնդմամբ, «բացարձակապէս անհասկնալի են Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման մասին դատողութիւնները։

«Ի՞նչ է, այդ Փաշինեանի ցանկութի՞ւնն է։ Ան կ’ուզէ՞, որ այդպէս ըլլայ։ Յայտնի է, որ մեր խաղաղապահները կարեւոր գործառոյթներ կը կատարեն՝ գերիներու փոխանակում, ականազերծում, միջադէպերու հարթում, մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերում։ Միթէ Հայաստանի ղեկավարութեան տեսանկիւնէն այդ գործունէութեան կարիքը չկա՞յ եւ այն անցանկալի՞ է», կը յայտարարէր Զախարովան։

Ռուսաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչին խօսքով՝ «նման բառախաղերու վերջը վատ է։ Ռուս խաղաղապահներուն գործունէութիւնը կասկածի տակ դնելու նման փորձերը լուրջ հարցեր կ’առաջացնեն՝ ինչո՞ւ այդ կը կատարուի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment