Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մենք Կը Հաւատանք, Որ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Հասանելի Է»․ Միլլըր

«Մենք Կը Հաւատանք, Որ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Հասանելի Է»․ Միլլըր

by MassisPost

ԱՄՆ արտաքին գերատեսչութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ տեղեակ չէ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի տարածաշրջան կատարելիք այցէն։

Պետական Քարտուղարությեան ներկայացուցիչը վերստին կրկնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ կը հաւատան Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։

«Ինչպէս մենք հետեւողականօրէն յայտարարած ենք՝ մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը հասանելի է: Ահա թէ ինչու մենք կը շարունակենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ շփումները՝ անոնց կոչ ընելով հասնելու բարդ փոխզիջումներու, որոնք անհրաժեշտ են լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար», ըսած է Միլլըր։

Լուիս Պոնօն այս շաբաթ պիտի այցելէ տարածաշրջան։ ԱՄՆ դեսպանութենէն «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան յայտնած են, որ դիւանագէտը Երեւանի մէջ պիտի քննարկէ ԱՄՆ աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ուղին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment