Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւններ Լոս Անճելըսի Մէջ

Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւններ Լոս Անճելըսի Մէջ

by MassisPost

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Սեպտեմբեր 29 էն Հոկտեմբեր 1, 2023, Լոս Անճելըսի մէջ պիտի նշուի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի (ՀԱԳ) հարիւրամեակը:

ՀԱԳ համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող դպրոց մըն է, իբրեւ յետեղեռնեան Հայ սփիւռքի առաջին երկրորդական վարժարանը՝ հիմնուած իբրեւ այդպիսին 1923-ին: Անոր աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները, ի մասնաւորի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) տարածքին, գործուն մասնակցութիւն կը բերեն գաղութային, քաղաքական, կրթական, գիտական, հոգեւոր, մշակութային եւ այլ կառոյցներէ ներս, անկախ իրենց մասնագիտական ասպարէզներուն մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւններէն:

Այս առթիւ, Լոս Անճելըս ապրող խումբ մը շրջանաւարտներ կազմած են յանձնախումբ մը եւ ծրագրած են հետեւեալ ձեռնարկները, Sheraton Universal, Studio City պանդոկին մէջ.

Ա. Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, շրջանաւարտներու եւ հիւրերու հաւաք։

Բ. Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, Կլոր Սեղան «Հայ դպրոցը 10 տարի ետք» եւ «Լիբանանի ու ԱՄՆ-ի դպրոցներու համագործակցութեան հեռանկարներ»

Գ. Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, կալա ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ ՀԱԳ նախկին աշակերտ Դոկտ. Նուպար Աֆէեանի:

Դ. Կիրակի, Հոկտեմբեր 1, պաշտամունք Լոս Անճելըսի Հայ Միացեալ Ժողովական Եկեղեցիին մէջ:

Նշենք, թէ սոյն ձեռնարկներուն ներկայ պիտի ըլլան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Պէյրութէն ՀԱԳ-ի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ժիրայր Ղազարեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Ներսէս Պաղտոյան:

Արձանագրուելու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք այցելել www.aec100.net կայքը:

ՀԱԳ Հարիւրամեակի Լոս Անճըլըսի Կազմակերպիչ Յանձնախումբ 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment