Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի յիշատակին

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի յիշատակին

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան առաջին անգամ հանդիպեցայ 1974-ին, երբ որպէս Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի պատմագիտութեան բաժնի ուսանող, պրպտումներ կ’ընէի ուսումս UCLA-ի մէջ կատարելագործելու կարելիութեանց մասին: Սակայն հազիւ համալսարանը աւարտած, ծագեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ փոխուեցաւ կեանքիս ընթացքը, զիս տանելով Սէուտական Արաբիա, փոխան ԱՄՆ-ի: 1989-ին, երբ արդէն ընտանիք կազմած հաստատուեցանք Պըրպէնք քաղաքին մէջ, շուտով առիթը ունեցայ ծանօթանալու իր հետ:

Տարիներու ընթացքին աճեցաւ մեր մտերմութիւնը, երբ ես սիրով ներկայ կ’ըլլայի իր կազմակերպած բոլոր գիտաժողովներուն, իսկ ինք կը բարեհաճէր մասնակցիլ իմ պատկանած Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կազմակերպած գիտաժողովներուն: Մեր մտերմութիւնը աւելիով աճեցաւ, երբ բազում անգամներ զինք հիւրընկալեցի «Նոր Սերունդ» հեռուստաժամի շաբաթական յայտագիրներուն վրայ, ընդհանրապէս քննարկութեան նիւթ ունենալով Հայաստանի Գ Հանրապետութեան զարգացումները: Այս ուղիղ եթեր յայտագիրներու ընթացքին է, որ կարգ մը մարդիկ կը փորձէին ձեխարձակումներ կատարել իր հրատարակած գործերուն վրայ, նոյնիսկ խեղաթիւրելով իր գրութիւնները եւ իրեն վերագրելով հաստատումներ, որոնք ինք չէր կատարած: Ան միշտ բաեհամբոյր, բայց բազմանշանակ ժպիտով կ’ընդունէր եւ կը պատասխանէր այդ հարցերուն:

Երբ բաղդատականներ կ’ընէինք Հայաստանի Ա. եւ Գ. Հանրապետութեանց զարգացումներու մասին եւ իր ուշադրութեան կը յանձնէի օրինակներ, երբ նոյն եղելութիւնը հակոտնեայ մեկնաբանման կ’արժանանար, մեկնած անձին կանխակալ մօտեցումներէն, այդ նոյն բաեհամբոյր ժպիտով կը բացատրէր, թէ որքա՜ն դժուար է անկողմնակալ ըլլալ ու չենթարկուիլ աջի ու ձախի ճնշումներուն: Չմոռնանք, որ մանաւանդ մեր վերջին հարիւրամեայ պատմութիւնը աւելի այս կամ այն կողմի գործունէութիւնը արդարացնելու պատմութիւն եղած է, քան՝ դէպքերու քննական վերլուծութեամբ մեր իսկական պատմութեան մատուցումը: Անկողմնակալ պատմաբանը դժբախտաբար միշտ ալ քարկոծուած է աջէն ու ձախէն, բայց ի վերջոյ ան կ’արժանանայ բոլորի յարգանքին, երբ կը փաստուի իր տեսակէտներուն ճշմարտացիութիւնը:

Երբէք չեմ մոռնար դէպք մը, որ կրնար անհաճոյ հետեւանքներ ունենալ: Իր կազմակերպած դասախօսական ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ UACC եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, կը քննարկուէր Հայաստանի այդ ժամանակուան կրթական նախարար Աշոտ Պլէյանի առաջարկած կրթական ծրագիրը, ուր ի միջի այլոց, կը նշուէր երեխաներուն չդասաւանդել Եղեռնի արհաւիրքներու մասին, խուսափելու համար անոնց մատղաշ ուղեղներուն վրայ հոգեբանական անյարկի ազդեցութիւններէ: Երբ հարց-պատասխանի ժամանակ խօսք առնելով նշեցի իրական օրինակ մը եւ մասամբ արդարացի գտայ Պլէյանի մօտեցումը, հանդիսական մը վազեց իմ կողմը եւ ըստ երեւոյթին կը պատրաստուէր հարուածել զիս … եթէ չըլլար Փրոֆեսորի սաստումը:

Մեր վերջին հանդիպումը կայացաւ այս տարուան Փետրուար 5-ին, Պոլսահայ Միութեան սրահին մէջ, ուր Հրանդ Տինքին նուիրուած երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էի: Երբ սրահէն ներս մտաւ իր զաւակներէն Արմէնի հետ, ընդառաջեցի դիմաւորել զիրենք: Իր այդ նշանաւոր ժպիտը դէմքին, ինծի ըսաւ. «Քեզի համար եկայ»: Անակնկալի եկայ այդ գովասանքէն ու միայն կրցայ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել իրեն: Յաջորդ օրը ել-նամակով դարձեալ շնորհակալութիւններս յայտնեցի իր ներկայութեան համար, որուն ի պատասխան գրեց. «հակառակ յայտագրի թեքնիք թերիներուն, երեկոն փրկեցիր, յաջող…»: Մեր վերջին նամակագրութեամբ, Ապրիլ 12-ին, իրմէ կը խնդրէի շնորհաւորութիւններս փոխանցել իր դուստրին՝ Անիին, անոր պատրաստած ու ներկայացուցած վաւերագրական հիանալի ժապաւէնին համար, նուիրուած Քըրր ընտանիքի աւանդին: Կը գրէի, որ այդ ժապաւէնը ազդեցիկ տպաւորութիւն պիտի գործէ ամերիկեան շրջանակներու վրայ եւ ծանր հարուած կը հասցնէ Եղեռնը ուրացողներու ջանքերուն: Իր պատասխանին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով կ’ըսէր, որ  գրութիւնս մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ Անիին համար, որ բարեխիղճ եւ երկար ժամանակ տրամադրած էր անոր պատրաստութեան համար: «Լաւ մնա՛»-ով կ’աւարտէր իր ել-նամակը:

Լաւ վիճակի մէջ էի Յուլիս 10-ին Թանզանիոյ մէջ, հակառակ անոր, որ 7-օրեայ լեռնագնացութիւնէ ետք նոր իջած էի Քիլիմանժարոյի գագաթէն: Անակնկալի եկայ երբ համացանցի վրայ կարդացի Փրոֆեսորի մահուան գոյժը: Տխրութիւն մը համակեց զիս: Ոչ միայն անձնական առումով, որ ա՛լ պիտի չվայելէի իր հետ հաղորդակցելու եւ իրմէ գիտելիքներ ու խորհուրդներ ամբարելու հաճոյքը, այլ՝ ազգային առումով, որ մեզմէ կը բաժնուէր հսկայ մը, որուն թողած բացը կարելի պիտի չըլլար լեցնել: Իսկապէս, երբ աչքի առջեւ կ’ունենանք իր կեանքը, գործունէութիւնը եւ թողած աւանդը, անտարակոյս կ’անդրադառնանք, որ անզուգական անձ մը բաժնուեցաւ մեզմէ: Բայց միեւնոյն ժամանակ չենք կրնար երախտապարտ չըլլալ իր թողած հսկայածաւալ եւ մեծարժէք աւանդին համար: Փրոֆեսորը թէեւ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, բայց մեզի հետ է, ամէն անգամ որ կը բանանք իր բազմահատոր գործերէն մէկը, ու կը հաղորդուինք իրմով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment