Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ռուս Համանախագահ Իկոր Խովաեւը

Փաշինեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ռուս Համանախագահ Իկոր Խովաեւը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը:

Վարչապետը նշած է, որ այսօրուան հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ եւ կարեւորած է ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ խորհրդակցութիւնները:

Վարչապետը ներկայացուցած է առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման հարցով հայկական կողմին մօտեցումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment