Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Անհրաժեշտ Է Անյապաղ Մարդասիրական Միջամտութիւն՝ 120 Հազար Մարդ Սովէն Փրկելու Համար»․ Միրզոյեանը՝ Derstandard-ին

«Անհրաժեշտ Է Անյապաղ Մարդասիրական Միջամտութիւն՝ 120 Հազար Մարդ Սովէն Փրկելու Համար»․ Միրզոյեանը՝ Derstandard-ին

by MassisPost

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը չեն կրնար կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները՝ առանց հաշուի առնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները, աւստրիական «DerStandard» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Շեշտելով, որ Ատրպէյճանը մշտապէս խօսած է Հայաստանի կողմէ տարածքային պահանջներու մասին՝ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանի համար խնդիրը մարդոց անվտանգութեան եւ հիմնարար իրաւունքներուն մասին է։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական վիճակը այժմ շատ ծանր է, մօտ է մարդասիրական աղէտի․ գրեթէ 7 ամիսէ ԼՂ-ն շրջափակման մէջ է եւ արդէն մէկ ամիսէ ընդհանրապէս որեւէ բեռ չի մտներ Լեռնային Ղարաբաղ, ըսած է Արարատ Միրզոյեան՝ շեշտելով, որ միջազգային յստակ աջակցութեան ցուցաբերումը հրատապ է։

«Մեզ անհրաժեշտ է անյապաղ մարդասիրական միջամտութիւն՝ 120.000 մարդու սովից փրկելու համար: Ապա մենք կարող ենք շարունակել բանակցել բոլորի հետ, ովքեր շահագրգռուած են տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան հաստատմամբ», ըսած է Միրզոյեան։

«Կարեւոր է խուսափիլ թշնամութեան եւս մէկ վտանգաւոր շրջապտոյտ մտնելէ»

Խօսելով տեւական խաղաղութեան նախապայմանէն՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը նկատած է, որ կարեւոր է խուսափիլ թշնամութեան եւս մէկ վտանգաւոր շրջապտոյտ մտնելէ:

«Հարաւային Կովկասում արդէն բաւականաչափ արիւն է թափուել: Տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումն առանցքային նշանակութիւն կ’ունենայ: Կարեւոր է նաեւ տարածաշրջանային ճանապարհային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակումը։ Իսկ ինչ վերաբերում է Լեռնային Ղարաբաղի հայերի անվտանգութեան եւ իրաւունքների հարցին, կարծում ենք, որ դրա լաւագոյն մեխանիզմը կը լինի միջազգային մասնակցութեամբ երկխօսութիւնը», ըսած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Հարցին, թէ որքանո՞վ փոխուած են Հայաստանի յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ ի վերջոյ, Հայաստանը Մոսկուայի գլխաւորած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ է, Միրզոյեան պատասխանել է․ «Եթէ հետեւենք հայ հասարակութիւնում առկայ բանավէճերին, ապա մեծ հիասթափութիւն կարելի է տեսնել Լեռնային Ղարաբաղում ռուս խաղաղապահների գործողութիւնների եւ Հայաստանի տարածք Ատրպէյճանի ներխուժումների վերաբերեալ ռուսական արձագանգների կապակցութեամբ: Մենք դիմեցինք ՀԱՊԿ-ին, եւ ունեցանք դիտորդական առաքելութիւն՝ գլխաւոր քարտուղարի գլխաւորութեամբ։ Բայց մենք աւելին էինք սպասում։ Դա գաղտնիք չէ»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment