Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանն Ու Իր Ընտանիքին Անդամները Հրաւիրուած Են Դատախազութիւն

Ռոպերթ Քոչարեանն Ու Իր Ընտանիքին Անդամները Հրաւիրուած Են Դատախազութիւն

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը 2020 թուականէն կ’ուսումնասիրէ Քոչարեաններուն գոյքը եւ օրերս տեղեկացուց յայտնաբերուած ապօրինութիւններու մասին։ Իրաւապահները կ’ուզեն բռնագանձել ընտանիքին պատկանող աւելի քան 80 միլիոն տոլարի դրամական միջոցներ, 20 անշարժ գոյք, որոնք հիմնականին մէջ Երեւանի կեդրոնին են, մասնաբաժիններ տարբեր ընկերութիւններու մէջ եւ այլն։

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան դիմումի հիման վրայ Յուլիս 13-ին Հակափտածութեան Դատարանը որոշած էր կալանք կիրառել գոյքի ու դրամական միջոցներու վրայ։ Ըստ դատախազութեան, բացի դրամական միջոցներէն ու անշարժ գոյքէն, կալանքի տակ են նաեւ «Թոյոթա Երեւան», «Օրանժ Ֆիթնես», «Նաիրի Ինշուրանս» ընկերութիւններուն բաժնեմասերը, ինչպէս նաեւ Գոնկրէս հիւրանոցն ու «Փլէյ Սիթի»ն, որոնք Քոչարեաններու ընտանիքին կը պատկանին։ Անոնց ընդհանուր արժէքի մասին դատախազութիւնը առայժմ չէ յայտնած։

Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր ընտանիքի անդամները, այդ շարքին նախկին նախագահի կնոջը, դստերը, փեսային, երկու որդիներն ու անոնց կիները Օգոստոս 1-ին Գլխաւոր դատախազութիւն հրաւիրուած են՝ ապօրինի գոյքի բռնագանձման գործի նիւթերուն ծանօթանալու եւ դիրքորոշում յայտնելու համար։

«Ձեր անուամբ հաշուառուած գոյքը կը հանդիսանայ բռնագանձման առարկայ», գրուած է ընտանիքի անդամներուն ուղարկուած ծանուցումներուն մէջ։

Քոչարեանները իրաւունք ունին դատախազութիւն ներկայանալ նամակները ստանալէ յետոյ՝ մէկ ամսուայ ընթացքին, բայց իրաւապահները կ’առաջարկեն Օգոստոս 1-ին գալ, ժամ ալ նշած են՝ 14.30-ին։ Եթէ այդ օրը չկարենան, պէտք է նախապէս զանգահարեն եւ այլ օրուայ համար պայմանաւորուին։

Պիտի երթա՞ն այդ օրը Քոչարեանները դատախազութիւն, թէ՞ ոչ եւ ի՞նչ դիրքորոշում ունին։ Ընտանիքը գործին վերաբերեալ դեռ լուռ է, երկրորդ նախագահին փաստաբաններն ալ առայժմ կը հրաժարին մեկնաբանութիւններէ։

«Միլիառատէր չեմ, միլիոնատէր՝ գուցէ», 2019-ին լրագրողներուն կ’ըսէր երկրորդ նախագահի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը. «Գիտէք բոլորդ ոնց են ամէն ինչ քրքրում, փորձում ինչ-որ մի բան գտնել… Թող ասեն՝ այ էս մի բանը դուք ունէք, որ պետութիւնից կոպեկներով վերցրել էք»։

Ապօրինի գոյքի բռնագանձման օրէնքը ընդունուած է 3 տարի առաջ, սակայն, յօգուտ պետութեան բռնագանձման առաջին վճիռը չորս ամիս առաջ կայացուեցաւ։ Ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիայի նախկին տնօրէնը համաձայնեցաւ վերադարձնել պետութեան պատճառած 82 միլիոն դրամի վնասը։

Գոյքի բռնագանձման գործերով կ’անցնին նաեւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը, նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment