Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Աշակերտները Ցուցադրեցին Իրենց Հիւսած Քիլիմները

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Աշակերտները Ցուցադրեցին Իրենց Հիւսած Քիլիմները

by MassisPost

Հայկազեան համալսարանի Մաթոսեան ցուցասրահին մէջ, Չորեքշաբթի, 19 Յուլիս 2023ին տեղի ունեցած քիլիմներու գողտրիկ ցուցահանդէսով աւարտին հասաւ Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց գրասենեակի կազմակերպած “weave your own kilim” աշխատանոցը:

Արդարեւ, 5-18 Յուլիս երկարող շրջանին, լիբանահայ Ազգային Միացեալ, Հայ Աւետ. Գոլէճ, Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր., Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ, ՀԲԸՄ, եւ Վահան Թէքէեան վարժարաններու 35 աշակերտներ եւ միքանի ուսուցիչներ մասնակցեցան կարպետ (քիլիմ) հիւսելու դասընթացքին, որուն ընթացքին անոնք ոչ միայն ծանօթացան կարպետին եւ սորվեցան զայն հիւսելու վարպետութիւնը, այլեւ հիւսեցին եւ իրենց հիւսած աւելի քան 60 քիլիմները հանրութեան ներկայացուցին վերոյիշեալ ցուցահանդէսին:

Մասնակից աշակերտները շատ ջերմութեամբ կապուեցան կարպետագործութեան: Անոնք Հայկազեան համալսարանին մէջ օրական երեք ժամ տեւող աշխատանքէն ետք տուն տարին իրենց գործերը՝ տունը շաորունակելու նպատակով: Գրեթէ բոլորը աւարտեցին իրենց առաջին քիլիմները եւ անցան երկրորդին: Եղան ոմանք որոնք սկսան իրենց երրորդ քիլիմի հիւսքին, ուրիշներ իրենք որոշեցին իրենց հիւսքի նախշը, բուրդերուն գոյնը, ոմանք հիւսեցին իրենց անունը:

Աշակերտական առաւօտեան աշխատանոցին կողքին, յեմիջօրէին կազմակերպուած չափահասներու հնգօրեայ աշխատանոցին մասնակցեցան շուրջ 15 հոգի, որոնց գործերը եւս ցուցադրուեցան վերոյիշեալ ցուցահանդէսին, ընդհանուր թիւը հասցնելով 75 ցուցանմուշի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment