Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Վիգէն Սարգսեանի Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզում Յայտարարելու Գործընթաց Ձեռնարկած Է

Դատախազութիւնը Վիգէն Սարգսեանի Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզում Յայտարարելու Գործընթաց Ձեռնարկած Է

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութենէն հաստատեցին պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդման ժամկէտը կասեցնելու փաստը, միաժամանակ տեղեկացուցին, որ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարելու գործընթաց ձեռնարկած է:

Այս գործով անցնող տուժողներուն փաստաբանները յայտարարած էին, որ նախօրէին ստացուած է Գլխաւոր Դատախազութեան համապատասխան վարչութեան պետի տեղակալին որոշումը Սարգսեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդման ժամկէտը կասեցնելու մասին՝ հիմքով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններուն համար Վիգէն Սարգսեանի գտնուելու վայրը անյայտ է։

2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հանրապետական Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը գլխաւորած Սարգսեանը կը մեղադրուի իր լիազօրութիւններէն դուրս գործողութիւններ կատարելու համար։ Իրաւապահները կը պնդեն, որ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը երկու տարի ղեկավարած Սարգսեանը յանձնարարած է երեւանեան նորակառոյցի մէջ բնակարաններ տալ 26 զինուորականի եւ 3 քաղաքացիականի։ 2018 թուականին բնակարան ստացած են անոնք, որոնց տուեալները հերթացուցակներուն մէջ չեն եղած կամ ալ անոնք, որոնց բնակարան ստանալու հերթը դեռ չէր հասած։ Սարգսեանը երկրէն կը բացակայի 2019-էն, երբ յարուցուած է այս գործը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment