Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տարեվերջին Կը Նախատեսուի 2 Միլիոն Զբօսաշրջիկներու Այցելութիւն

Տարեվերջին Կը Նախատեսուի 2 Միլիոն Զբօսաշրջիկներու Այցելութիւն

by MassisPost

Հայաստան ընթացիկ տարուայ առաջին կիսամեակին արդէն այցելած է 1 միլիոն զբօսաշրջիկ։ Այս ցուցանիշը 30 տոկոսով աւելին է նախաքովիտեան ժամանակաշրջանի՝ 2019 թուականի առաջին կիսամեակին համեմատ։ Հայաստան ամենաշատ այցելութիւնները եղած են Ռուսաստանէն՝ 52 տոկոս, Վրաստանէն՝ 11 տոկոս, Իրանէն՝ 6 տոկոս։ ՀՀ Ելեւմուտքի Նախարարութեան Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեան նշեց, որ այս ցուցանիշը տարբեր ուղղութիւններով տարուող աշխատանքի արդիւնք է։ Հայաստանը աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին, Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն կ’աշխատի օդանաւային ընկերութիւններուն հետ, կը կազմակերպէ լրագրողներու, պլոկըրներու այցեր Հայաստան, միջազգային մետիա հարթակներու վրայ, ընկերային ցանցերու մէջ կ’ապահովէ Հայաստանի մասին պատմող նիւթերով։

«Մենք աշխատում ենք ամենատարբեր ուղղութիւններով։ Մեր ուշադրութեան առանցքում են եւրոպական, արաբական երկրները։ Աշխոյժ աշխատում ենք Իտալիայի, Ֆրանսայի հետ։ Յառաջիկայում մասնակցելու ենք Ֆրանսայում կայանալիք միջազգային ցուցահանդէսին։ Հիմա գտնւում ենք զբօսաշրջիկային եղանակի աշխոյժ փուլում, այցելութիւնների աշխուժութիւնը այսպէս պահպանուելու դէպքում ակնկալում ենք, որ տարուայ վերջին 2 միլիոն այցելութիւն կ’ունենանք», ըսաւ Սիսիան Պօղոսեանը։

Որոշ եւրոպական երկիրներ Հայաստանը չեն դիտարկեր անվտանգ երկիր եւ խորհուրդ չեն տար իրենց քաղաքացիներուն այցելութիւն կազմակերպել այդ ուղղութեամբ։ Ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկուին Հայաստանի համապատասխան կառոյցներու կողմէ։ Սիսիան Պօղոսեանը տեղեկացուց, որ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հետ կ’աշխատին այդ ուղղութեամբ, հանդիպումներ կ’ունենան նաեւ դեսպանութիւններու հետ։

«Արդէն կամաց-կամաց փոփոխութիւններ տեսնում ենք, որպէս օրինակ՝ ներկայացնեմ Գերմանիան։ Իրենց կայքում արդէն փոխել են մօտեցումը, բայց դեռ ունենք այլ եւրոպական երկրներ, որտեղ այդ խնդիրը կայ եւ աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ», յաւելեց Սիսիան Պօղոսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment