Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Թեմական Խորհուրդի Կազմը

Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Թեմական Խորհուրդի Կազմը

by MassisPost

Այսու կուգանք յայտնելու, որ սոյն թուականի Մայիս 5-ին գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 96-րդ Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը։ Օրակարգի նիւթ դարձան ծխական եւ թեմական բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Գնահատանքով առ ի գիտութիւն ընդունուեցան թեմական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու հաշուետու զեկոյցները, հարց-պատասխանի միջոցաւ կատարուեցան անհրաժեշտ պարզաբանումները։

Արեւմտեան Թեմի կանոնադրութեան համաձայն, յընթացս Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի, պատգամաւորները գաղտնի քուէարկութեամբ գրեթէ միաձայնութեամբ իրենց վստահութիւնը յայտնեցին Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին՝ օժտելով զինք եւս ութը տարւոյ պաշտօնավարման շրջանով, որ ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափողջոյններով եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցեղութեամբ։

Տեղի ունեցան նաեւ Թեմական խորհրդի անդամներու ընտրութիւններ։ Մեր հաւատացելոց կը ներկայացնենք նորոգ ընտրեալ թեմական խորհուրդի կազմը․
Տիար Վարդան Նազերեան (ատենապետ)
Տիար Պետրոս Անսըրլեան (փոխատենապետ)
Տիար Մայքըլ Միսաքեան (գանձապահ)
Տիկին Սիւզի Գրիգորեան (քարտուղար)
Հոգշ․ Տ․ Երեմիա Վրդ․ Աբգարեան
Հոգշ․ Տ․ Բագրատ Ծ․ Վրդ․ Պերճէքեան
Արժ․ Տ․ Սերովբէ Քհնյ․ Ալանճեան
Արժ․ Տ․ Մանուկ Ա․ Քհնյ․ Մարգարեան
Արժ․ Տ․ Կոմիտաս Քհնյ․ Զօհրապեան
Բրշ․ Տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան
Տիար Մարք Աստուրեան
Բրշ․ Ալեքս Սարկաւագ Եսիպով
Տիկին Սիլվա Խաչիկեան
Տիար Արթին Քնաճեան
Տիար Արա Երկանեան։

Նուիրեալ սպասաւորներու այս կազմով, Առաջնորդութեամբ Սրբազան Հօր եւ հանդերձ հոգեւորականց եւ բարեպաշտ հաւատացելոց, Արեւմտեան թեմը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց։

Դիւան Առաջնորդարանի
28 Յունիսի, 2023

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment