Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայրենի Բնութեան Հանդէպ Սէրը՝ Տարիներու Բարեկամութեան Հիմքը

Հայրենի Բնութեան Հանդէպ Սէրը՝ Տարիներու Բարեկամութեան Հիմքը

by MassisPost

Պըրպանքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Դպրոցն ու «Հայաստանի Ծառատունկ Ծրագիրը» իրարու կը կապէ տարիներու բարեկամութիւն մը։ Ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած այս համագործակցութիւնը վերածուած է գեղեցիկ աւանդութեան մը՝ նպաստելով աշակերտներու հայրենաճանաչութեան, բնապահպանական դաստիարակութեան եւ հայրենի բնաշխարհին հանդէպ հոգատար վերաբերմունքի ձեւաւորման։

Ծրագրի Լոս Անճելըսի ներկայացուցիչ տիկին Անահիտ Ղարիբեան պարբերաբար կ՚այցելէ դպրոց՝ աշակերտները ծանօթացնելով Հայաստանի բնութեան հարստութեան, անտառներու պահպանութեան անհրաժեշտութեան եւ ծառատնկման աշխատանքներուն։ Անոր զրոյցներուն հիմքը պարզ, բայց խորիմաստ պատգամ մըն է՝ իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքի ընթացքին պէտք է առնուազն մէկ ծառ տնկէ։ Այս միտքը փոքրիկներուն մէջ կը սերմանէ շրջակայ միջավայրին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացում եւ ապագայ սերունդներուն մասին հոգ տանելու գիտակցութիւն։

31 Հոկտեմբեր 2026-ին տիկին Անահիտ Ղարիբեան անգամ մը եւս հիւրընկալուեցաւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Մայր Դպրոցին մէջ։ Շրջելով դասարանները՝ ան աշակերտներուն հետ ունեցաւ հետաքրքրական զրոյցներ, ցուցադրեց ուսուցողական ժապաւէններ եւ պատմեց Հայաստանի մէջ իրականացուող բնապահպանական նախաձեռնութիւններուն մասին։ Ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումները փոքրիկներուն համար առիթ հանդիսացան նորովի բացայայտելու հայրենի բնութիւնը։

Կրթօճախը այս անգամ եւս իր համեստ նուիրատուութեամբ միացաւ ծրագրի աշխատանքներուն՝ աջակցելով Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին յարակից տարածքին մէջ հիմնուող պարտէզի ծառատնկման աշխատանքներուն։

Այս նախաձեռնութիւնը, բնապահպանական նշանակութենէն զատ, ունի նաեւ պատմամշակութային առանձնայատուկ արժէք։ Հայ եւ պելճիքացի մասնագէտներու նախագծած պարտէզին մէջ կը նախատեսուի աճեցնել հայկական միջնադարեան ձեռագիրներուն մէջ յիշատակուած ծառատեսակներ ու բոյսեր։ Պարտէզը պիտի ունենայ դարաւանդային կառուցուածք, զբօսուղիներ եւ դիտահարթակներ, ուրկէ պիտի բացուին Երեւանի, Արարատի եւ Արագածի գեղատեսիլ համայնապատկերները։ Ապագայ պարտէզի ստեղծման խորհրդանշական սկիզբը դրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին մօտ առաջին սօսիի տնկումով։

Վարժարանին մասնակցութեան նշանակութիւնը, սակայն, նուիրատուութեան չափով չի չափուիր։ Էականը այն է, որ հայրենի բնօրրանէն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող հայ մանուկները իրենց փոքրիկ ներդրումը կը բերեն Հայաստանի շէնացման գործին։ Նման նախաձեռնութիւններ նաեւ կ՚ամրապնդեն հայրենիք-սփիւռք կապը՝ ազգային պատկանելիութեան զգացումը վերածելով իրական գործի։

Եւ գուցէ տարիներ ետք, Մատենադարանի բարձունքին վրայ սաղարթախիտ դարձած ծառերուն հովանիին տակ հանգստացող այցելուները չգիտնան, որ այդ կանաչ անկիւնին ստեղծման իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ»ը։ Սակայն հոն արմատ նետած ծառերը պիտի շարունակեն աճիլ՝ որպէս հեռաւոր ափերու վրայ ապրող հայորդիներու սիրոյն ու նուիրումին լուռ վկայութիւն։

«Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Դպրոցի Մամլոյ Դիւան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment