Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սալիվանը Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Կոչ Ըրած Է Խուսափելու Սադրանքներէն Եւ Թոյլցնելու Լարուածութիւնը

Սալիվանը Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Կոչ Ըրած Է Խուսափելու Սադրանքներէն Եւ Թոյլցնելու Լարուածութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ հանդիպման ժամանակ կոչ ըրած է շարունակելու յառաջ շարժիլ դէպի խաղաղութիւն:

«Ուրախ էինք այսօր Սպիտակ Տան մէջ միասին հիւրընկալելու Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամովը։ Ես Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրի շարունակելու յառաջ շարժիլ դէպի խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ խուսափիլ սադրանքներէն եւ թոյլցնել լարուածութիւնը՝ վստահութիւն ձեւաւորելու համար», Թուիթըրով գրած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը հանդիպման մասին հաղորդած է, որ «անդրադառնալով ԼՂ-ի մէջ Ատրպէյճանի հերթական նախայարձակ գործողութեան, որուն հետեւանքով ԼՂ Պաշտպանութեան բանակը ունեցած է չորս զոհ՝ Միրզոյեան շեշտած է, որ նման գործողութիւնները միտուած են խաթարելու բանակցային գործընթացին ուղղուած ջանքերը, եւ ընդգծած է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման բացառման հրամայականը»:

«Այդ գործողութիւնը տեղի է ունենում Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով ԼՂ-ում ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, ԼՂ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման՝ Ատրպէյճանի կողմից միտումնաւոր խափանումներին զուգահեռ, ինչը միտուած է Լեռնային Ղարաբաղն ցեղային զտման ենթարկելուն», ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment