Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Դեսպանին Կողմէ ԵԽ Պատգամաւորներուն Ուղղուած Սպառնալիքը

ԵՄ-ն Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Դեսպանին Կողմէ ԵԽ Պատգամաւորներուն Ուղղուած Սպառնալիքը

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը դատապարտածէ ԵՄ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Վակիֆ Սատիկովի կողմէ Եւրոխորհրդարանի անդամներուն ուղղուած ակնյայտ սպառնալիքը, որ հնչեցուած է հայ-ատրպէյճանական սահման ԵԽ պատուիրակութեան այցէն յետոյ։ Այս թեմայով յօդուած հրապարակած է «OC Media» լրատուական հարթակը։

Սատիկովը, որ նաեւ Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանն է, Յունիս 23-ին Թուիթըրով գրառում կատարած էր՝ ի պատասխան Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու պատուիրակութեան՝ Հայաստան կատարած այցին, որուն ընթացքին պատուիրակութեան անդամները մեկնած էին Ատրպէյճանի հետ սահմանին մօտ:

Սատիկով տեղադրած էր ատրպէյճանական արտադրութեան դիպուկահար հրացանի պատկեր՝ հետեւեալ գրութեամբ.

«Անոնք գիտեն, թէ ինչ կ’ընեն պաշտպանուելու համար։ Ատրպէյճանի մէջ արտադրուած «Իսթիկլալ Իսթ-14.5» դիպուկահար հրացանը ունի մօտ 3000 մ կրակի արդիւնաւէտ հեռահարութիւն։ Հեռո՛ւ մնացէք Ատրպէյճանի պետական սահմանէն…»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment